«Առանց Հըզպալլայի Մասնակցութեան Կարելի Չէ Կառավարութիւն Կազմել» Շեշտեց Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ վերահաստատեց իր առաջադրած երկխօսութեան նախաձեռնութեան նկատմամբ իր կառչածութիւնը` աւելցնելով, որ ոչ ոք իր առաջարկին տարբերակը ներկայացուցած է` դուրս բերելու համար երկիրը քաղաքական ներկայ տագնապէն:

Պըրրի ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը եւ կառավարական կազմը երկու տարբեր բաներ են` շեշտելով, որ իրենք յանձնառու կը մնան օրէնսդրական եւ գործադիր իշխանութիւններուն իրաւունքներուն:

Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ իր առաջարկը այն է, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին քննարկուի կառավարութեան կազմը, իսկ կազմութեան հոլովոյթը վարչապետին կը վերաբերի:

Ան ընդգծեց, որ կառավարութեան որդեգրելիք աշխատանքային ծրագիրը ուղղակիօրէն կապուած է պաշտպանութեան ռազմավարութեան:

Այս շրջագիծին մէջ, Պըրրի շեշտեց, որ առանց Հըզպալլայի մասնակցութեան կարելի չէ կառավարութիւն կազմել` աւելցնելով, որ կարելի չէ կառավարութիւն կազմել նաեւ առանց Մուսթաքպալին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան, Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ այլոց մասնակցութեան:

Խորհրդարանի նախագահը մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ կարգ մը ուժերու կողմէ արտաքին զարգացումներուն վրայ գրաւ դնելու մօտեցումէն` հաստատելով, որ լիբանանեան ներքին կեանքը ամրապնդողը լիբանանցիներուն միասնականութիւնն է, որ ոչ միայն լիբանանցիներուն տագնապը կը լուծէ, այլեւ` կը նպաստէ Սուրիոյ:

Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները, որոնց ընկերակցեցան շէյխ Ապպաս Զղէյպ եւ Պէյրութի մէջ թուրք օդաչուները առեւանգելու յանցանքով ձերբակալուած ու արգելափակուած լիբանանցիներուն պաշտպան փաստաբանները:

Լուսարձակներէ հեռու կատարուած այս հանդիպումէն ետք յայտարարութիւն չկատարուեցաւ:

Նշենք, որ Այն Թինէի մէջ չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ ինք քաղաքական տարբեր ուժերու հետ պատուիրակութիւններու ընդմէջէն կը խորհրդակցի իր նախաձեռնութեան գործադրութեան առնչութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )