Ուորլիք Նախագահ Սարգսեանին Յանձնեց Օպամայի Ուղերձը
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նոր նշանակուած համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիքը:
Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորեց դեսպան Ուորլիքը անոր նշանակման առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր` իր կարեւորագոյն առաքելութեան իրականացման գործին մէջ:
Նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու` Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի միջնորդական ջանքերը հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ ճամբով եւ միջազգային իրաւունքի կանոններուն եւ սկզբունքներուն համապատասխան լուծելու ուղղութեամբ: Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային հոլովոյթի ներկայ վիճակին եւ բանակցութիւններու հեռանկարին:
Ուորլիք նախագահ Սերժ Սարգսեանին յանձնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ուղերձը:
Երէկ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւս ընդունեց Ուորլիքը:
Հանդիպման ժամանակ, որուն ներկայ էր նաեւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոն Հեֆըրն, կողմերը քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային հոլովոյթի ընթացքին եւ հակամարտող կողմերու ուժերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակին առնչուող հարցեր:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին զինադադարի դրութեան պահպանման, շփման գիծին վրայ լարուածութեան թուլացման, հակամարտող կողմերուն միջեւ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման նախաձեռնութիւններու կեանքի կոչման անհրաժեշտութիւնը:


