Նախագահ Սարգսեան Աշխատանքային Ճաշ Ունեցաւ Եւրոպական Միութեան Երկիրներու Դեսպաններուն Հետ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ նախագահական նստավայրին մէջ աշխատանքային ճաշ ունեցաւ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ:
Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ աւանդական ձեւաչափով այդ հանդիպման ժամանակ նախագահ Սերժ Սարգսեան դեսպաններուն հետ խօսեցաւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն գործակցութեան օրակարգային հարցերուն, Հայաստանի մէջ շարունակուող բարեփոխումներու ընթացքին, երկրին կողմէ իրականացուող քաղաքականութեան ուղղութիւններուն մասին: Այդ նիւթերուն շուրջ «անկեղծ եւ անկաշկանդ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում»:
Նախագահը պատասխանեց նաեւ հանդիպման մասնակիցները հետաքրքրող հարցումներուն:
CATEGORIES Հայկական

