Պայէրն Միւնիխ` Եւրոպայի Լաւագոյնը. Պորուսիա Տորթմունտ` Ամէնէն Շատ Յառաջդիմողը
Իր լուրը քաղելով «ECA»-ի պաշտօնական կայքէջէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ նախորդ տարեշրջանին արդիւնքները նկատի առնելով, կարգ մը ակումբներ մրցանակներ ստացան:
Եւրոպական ակումբներու միութիւնը («ECA») լաւագոյն ակումբը ընտրեց Պայէրն Միւնիխը, որ ինչպէս ծանօթ է, հեթրիք մը իրագործեց:
Անիկա տիրացաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի, «Պունտըսլիկա»-ի եւ Գերմանիոյ բաժակի մրցաշարքերուն տիտղոսներուն:
Իսկ ամէնէն շատ յառաջդիմող ակումբը դարձեալ ճանչցուեցաւ «Պունտըսլիկա»-ի խումբերէն Պորուսիա Տորթմունտ:
CATEGORIES Մարզական