Էթու Լքեց Քամերունի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը

Չելսիի յառաջապահ Սամուէլ Էթու իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ընտանեկան պատճառներով կը լքէ Քամերունի ֆութպոլի ազգային խումբը` վիճաբանութիւն մը ունենալէ ետք մարզիչ Վոլքեր Ֆինքէի հետ, մարզիկներու ընտրութեան հետ առնչուած հարցով:

32 տարեկան Էթու սպառնացած էր լքել միջազգային ասպարէզը (սեպտեմբեր 2012-ին), սակայն իր խմբակիցներուն միջամտութենէն ետք ետդարձ կատարած էր:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ այժմ Քամերուն հասած է Ափրիկէի գօտիի 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի վերջին հանգրուանը, ուր երթուդարձի դրութեամբ փլէյ-օֆի մրցումներ ունի կատարելիք, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ կրնայ Պրազիլի տոմս մը ապահովել:

Երեք մոնտիալներու (1998, 2002 եւ 2010) մասնակցած Էթու, Քամերունի հետ միջազգային 114 մրցումի ընթացքին նշանակած է 56 կոլ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )