2015-2016 Տարեշրջանէն Սկսեալ. Ֆութպոլի Նոր Մարզադաշտ` Աթլեթիքօ Մատրիտի Համար
«Լա լիկա»-ի կազմերէն Աթլեթիքօ Մատրիտ կը ծրագրէ երկու տարի ետք խումբին մրցումները կատարել նոր մարզադաշտի վրայ:
Այս մարզադաշտը յատուկ կառուցուած էր 2020-ի ողիմպիական խաղերուն կայացման նպատակով, սակայն, ինչպէս յայտնի է, Մատրիտ չյաջողեցաւ ձեռք ձգել ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու իրաւունքը:
Սակայն հակառակ ատոր, կը յայտնէ ArmSport.am, ատիկա պիտի չազդէ հոն կատարուող աշխատանքներուն վրայ, եւ անոնք պիտի ամբողջանան:
Ինչպէս կը հաղորդէ սպանական «ԱՍ» պարբերաթերթը, մատրիտեան ակումբը կը ծրագրէ այս նոր մարզադաշտին վրայ կատարել իր մրցումները` 2015-2016 տարեշրջանէն սկսեալ:
Նշենք, որ ներկայիս Աթլեթիքոյի մարզադաշտն է «Վիչենթէ Քալտերոն»-ը, որ կառուցուած է 1966-ին:
CATEGORIES Մարզական