Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Սատաքա Յաղթեց Լիբանանեան Բանակին Եւ Անկէ Խլեց Պարագլուխի Դիրքը
Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին, Լիբանանի ախոյեան Սատաքա 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք բաժակակիր Լիբանանեան բանակին, անկէ խլեց պարագլուխի դիրքը` շնորհիւ իր ունեցած կոլէվըրէյճին:
Սատաքա, որ այժմ ունեցաւ 19 կէտ, յետաձգուած այլ մրցում մըն ալ ունի կատարելիք Սեն Ժոզեֆի դէմ: Վերջինս 15 կէտով կը գրաւէ 5-րդ դիրքը:
Նշենք, որ 12-րդ եւ վերջին դիրքը գրաւող Հալուսիէ ցարդ ոչ մէկ կէտ ապահոված է:
CATEGORIES Մարզական