ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ
6-9 յունիս 2011, Ժընեւի միջեկեղեցական կեդրոնատեղիին մէջ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան (Վարիչ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու) մասնակցեցաւ երեք միջեկեղեցական կարեւոր ժողովներու:
6 յունիսին սրբազանը հանդիպում մը ունեցաւ նոյեմբերին Արամ Ա. վեհափառի Անթիլիասի մայրավանք հրաւիրած Միջին Արեւելքի նուիրուած համագումարի պատասխանատուներուն հետ եւ քննարկեց նախապատրաստական աշխատանքները:
7 յունիսին սրբազանը մասնակցեցաւ Քրիստոնէական եկեղեցական ընտանիքներու քարտուղարներու գործադիր մարմինի ժողովին եւ Քրիստոնէական եկեղեցական ընտանիքներու քարտուղարները Անթիլիասի կաթողիկոսարան հրաւիրեց 2012-ի լիակատար ժողովին համար:
8-9 յունիսին սրբազանը ատենապետեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Քրիստոնէական եկեղեցական ընտանիքներու գործակցութեան յանձնաժողովի նիստերուն: Օրակարգի նիւթերն էին. Միջեկեղեցական շարժումը եւ արդի ընկերութիւնը, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 2013-ի համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները, Քրիստոնէական համաշխարհային հաւաքի 2011-ի համաժողովը, Հաւատք եւ կարգ յանձնախումբին գործունէութիւնը, աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութիւններու արդիւնքներու ընկալման հրամայականը եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու համադրումը: