ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԱԼԻՊԱ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ
Չորեքշաբթի, 8 յունիս 2011-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լեռնալիբանանի ասորի ուղղափառ առաջնորդ Ճորճ Սալիպա եպիսկոպոսը: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:
Սալիպա եպիսկոպոսը վեհափառին ներկայացուց Զաքքա պատրիարքին ողջոյնները` նաեւ յայտնելով, որ յառաջիկայ սեպտեմբերին ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց սինոտ տեղի պիտի ունենայ: Ան նաեւ վեհափառին փոխանցեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին առնչուած շարք մը մտահոգութիւններ եւ առաջարկներ:
Վեհափառը` իբրեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահներէն մէկը, շեշտեց քրիստոնէական միութիւնը ամուր պահելու հրամայականը` Միջին Արեւելքի դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւններուն լոյսին տակ: Ան նաեւ յիշեցուց, որ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը, հակառակ իր ունեցած տնտեսական ու վարչական դժուարութիւններուն, կենսական անհրաժեշտութիւն մըն է շրջանին մէջ` իբրեւ եկեղեցիներու միջեւ գործակցութիւն ստեղծելու միակ կառոյց: Վեհափառը նաեւ շեշտեց Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ներքին գործակցութիւնը աւելի սերտացնելու կարիքը եւ այս գծով որոշուեցաւ, որ յառաջիկայ 4 յուլիսին Եգիպտոսի մէջ տեղի ունենայ ասորի, հայ եւ ղպտի եկեղեցիներու ներկայացուցիչներէն բաղկացած գործադիր յանձնախումբի ժողովը: