Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ոմանք կը կասկածին ձեր կարողութեան: Ականջ մի՛ տաք չար լեզուներու:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ջանացէք խաղաղութիւնը գտնել ձեր մէջ: Կրնաք յառաջդիմել` հետեւելով ձեր ներքին ուժին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պիտի հաստատէք ձեր տնտեսական անկախութիւնը: Ոչ ոքէ կախեալ էք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կը վախնաք ուրբաթ 13 թիւէն, մինչդեռ ոչինչ կայ կասկածելու:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Այսօր փորձեցէք ձեր բախտը: Թիւ 13-ը կրնայ բախտաբեր ըլլալ ձեզի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Լաւ եռանդ ունիք, փորձեցէք օգտագործել զայն, կրնաք հասնիլ լաւագոյն արդիւնքի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր սորված դասերը պիտի կիրարկէք: Ձեր աշխատանքը զուր չէ անցած:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Լաւ օր մըն է այս` գործ փնտռելու համար: Ուշադիր եղէք եւ իմաստուն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ցոյց տուէք, թէ՛ ինչ բանի ընդունակ էք: Հետեւեցէք ձեր գործունէութեան կշռոյթին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեզ պիտի արժեւորեն, իսկ դուք պիտի կարենաք գնահատել դուք ձեզ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Դադար տուէք ձեր աշխատանքին: Հանգիստի պէտք ունիք, ժամանակ տրամադրեցէք հանգստանալու:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Այսօր անվախ եղէք 13 ուրբաթին դիմաց: Ընդհակառակը, կրնաք բախտաւորուիլ անակնկալ կերպով: