50 Տարի Առաջ (13 Սեպտեմբեր 1963)

Խմբագրական

Հայեցի Կրթութիւն

Հայեցի կրթութեան անհրաժեշտութիւնը հետզհետէ աւելի կը շեշտուի մեր կեանքին մէջ: Բազմաթիւ քաղաքակրթութիւններու այս խառնարանին մէջ, մեր բոլոր գաղութներէն ներս, հայ ժողովուրդի ապագան, իբրեւ ազգ եւ ինքնուրոյն հաւաքականութիւն, պայմանաւորուած է կրթական հարցին մեր տալիք լուծումով:

Որքան ծնողները ունին պարտաւորութիւններ` հանդէպ իրենց զաւակներուն եւ ազգին, այնքան ալ պատասխանատու մարմինները պարտին մտածել ամէնէն գործնական միջոցներուն մասին` հայկական վարժարաններու կրթական մակարդակը դարուս ոգիին համապատասխան բարձրութեան մը հասցնելու համար:

Ինչ որ ըրած ենք ցարդ կրթական գետնի վրայ, դժբախտաբար մեր ճիգերուն համապատասխան արդիւնքը չէ տուած: Մինչ շատ աւելի նուազ ճիգով մը կարելի պիտի ըլլար լաւագոյն արդիւնքներուն հասնիլ, եթէ կրթական գործը բանապաշտ մօտեցումի մը նպաստը վայելած ըլլար:

Չենք ուրանար, ընդհակառա՛կն, բազմաթիւ առիթներով այս սիւնակներուն մէջ հաստատած ենք կրթական գետնի վրայ արձանագրուած նուաճումները, մասնաւորաբար` վերջին տարիներու ընթացքին, շնորհիւ ազգային կրօնական եւ աշխարհական իշխանութիւններու զանազան նախաձեռնութիւններուն, որոնք գործնական կեանքի մէջ իրենց արտայայտութիւնը գտան ուսումնական որոշ ծրագիրներու որդեգրումով եւ վարժարաններու նիւթական վիճակի բարելաւումով:

Բայց այդքանը չեն գոհացներ մեզ: Չեն գոհացներ ծնողները, որոնք իրենց զաւակներուն ապագայով մտահոգ են:

Այսուհանդերձ, երբեք արդարանալի չենք գտներ վերաբերումը կարգ մը ծնողներու, որոնք զուտ նիւթական պատճառներով եւ գձուձ հոգեբանութեամբ, իրենց զաւակները կը զրկեն ազգային դաստիարակութենէ:

Տարիներու ընթացքին ծնունդ առած է առասպել մը, թէ տղան քանի մը տարի կը կորսնցնէ, եթէ հայկական վարժարան յաճախէ` նախքան իր երկրորդական կամ համալսարանական ուսումը:

Մեր կեանքը աղաղակող վկայութիւնն է այս սխալ մտայնութեան: Այսօր, հայ իրականութեան մէջ կը գործեն բազմաթիւ բժիշկներ, ճարտարագէտներ, փաստաբաններ, դեղագործներ, վերջապէս` ազատ ասպարէզի բազմաթիւ հայրենակիցներ, երիտասարդ ու խանդավառ, որոնք շնորհիւ իրենց գիտութեան` համբաւի տիրացած են, տարիներու իրենց փորձառութեան նպաստով: Կասկած չկայ, թէ անոնց ջախջախիչ տոկոսը եթէ կը հետաքրքրուի հայ կեանքով, եթէ տեղ ու արժէք ունի մեր հանրային ասպարէզին մէջ, ատիկա կը պարտի իր հայեցի կրթութեան, որ հիմը կազմած է իր ապագայ ուսման: Անոնք իրենց ասպարէզի կիրարկման մէջ ոչինչով ետ կը մնան իրենց այն պաշտօնակիցներէն, որոնք առաջին մէկ օրէն օտար վարժարան յաճախած են: Բայց ունին աւելի բան մը, որ միայն հայ վարժարանը կրնայ տալ` ազգային զգացումը, որմէ պիտի զրկուէին, եթէ շուկայիկ մօտեցում մը ունեցած ըլլային իրենց ծնողները:

Այս իրողութիւնը, որ հաստատուելու կարիք չունի այլեւս, պէտք է ի մտի ունենայ հայ ծնողները, երբ կ՛ունենան փորձութիւնը իրենց զաւակներուն առաջին քայլերը դէպի օտար վարժարաններ առաջնորդելու: Օտարը կրնայ տալ ամէն բան. գիտութիւն, դիրք, համբաւ, բայց չի կրնար տալ այն միակ բանը, որ իւրաքանչիւր հայու թանկագին գանձն է` ազգի մը պատկանած ըլլալուն եւ այդ ազգին յառաջդիմութեան եւ վերելքին ի նպաստ իր կարելիութիւնները ի սպաս դրած ըլլալու զգացումն ու ներքին գոհունակութիւնը:

Վերամուտի այս օրերուն կը յուսանք, որ այս խորհրդածութիւնները պիտի ըլլան սեփականութիւնը հայ ծնողներուն, քանի դեռ ուշ չէ, քանի դեռ չէ գործուած անդարմանելին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES