Տեղեկագրութիւն` Ծաղկաձորի Մէջ Կայացած «Սփիւռք Ամառնային Դասընթացք»-ի
ՀՈՒՐԻ ՍԵՐՈԲ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Հայաստանի կառավարութեան 10 յունուար 2013-ին տուած որոշումով կարեւոր նկատուած է «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրը, որուն հիմնական նպատակն է հայապահպանութեան խթանումը` հայոց լեզուի ուսուցմամբ եւ սփիւռքի հայկական կառոյցներու ուսուցիչներու մասնագիտական որակի բարձրացման միջոցով: Վերոյիշեալ նպատակը իրագործելու միտումով որդեգրուեցան հետեւեալ նիւթերը.
Ա.- Հայոց լեզուի` արեւելեան եւ արեւմտեան, խտացեալ դասընթացքներ
Բ.- Ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացք
Գ.- Երիտասարդ առաջնորդներու պատրաստութիւն
Դ.- Սփիւռքի լրագրողներու դասընթացք
Ե.- Ազգային երգի ու պարի խմբավարներու եւ պարուսոյցներու վերապատրաստում:
Ա.- Հայոց լեզուի դասընթացքը կը ներառէր հետեւեալ նիւթերը. հնչիւնաբանութիւն, բանաւոր կապակցական խօսք, գրաւոր կապակցական խօսք, ընթերցանութեան առարկաները (96 մասնակից):
Բ.- Ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքը, 3 շաբթուան տեւողութեամբ, մասնակցութեամբ` տնօրէններու, կրթական գործիչներու եւ ուսուցիչներու (ընդհանուր թիւ 38 հոգի): Դասանիւթերն էին` հայոց լեզու, հայ գրականութիւն, մանկավարժական հարցեր, հայոց պատմութիւն, արուեստ եւ մշակոյթ, հոգեբանական սկզբունքներ, արցախեան հարցեր: Ասոնց կողքին ներկայ ուսուցիչները կազմակերպեցին բազմաթիւ ձեռնարկներ, հանդիպումներ, գրական երեկոներ…
– Հանդիպում` սփիւռքի նախարարին հետ. փոխանակուեցան Հայաստան-սփիւռք պետական քաղաքականութեան, նախարարութեան գործունէութեան վերաբերող միտքեր. նախարարը պատասխանեց բազմաթիւ հարցումներու, որոնք կը վերաբերէին հայապահպանութեան, հայրենասիրութեան:
– Վարչապետին հետ հանդիպում` «Ամառնային դպրոց»-ի եւ «Արի տուն» ծրագիրի մասնակցողներու հետ:
– Արցախի պատմականի ներկայացումը` ռազմական քարտէսներով:
– Հանդիպում Հայաստանի ճատրակի հաւաքականին հետ:
– Հանդիպում հեռատեսիլի լրագրողներու հետ:
Գ.- Սփիւռքահայ առաջնորդներու պատրաստութեան ընթացքին ներկայացուած դասախօսութիւններու շարքին առընթեր, մասնակիցները հանդիպումներ ունեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հ. Նաղդալեանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալին հետ, նաեւ ներկայացուցիչներու եւ պլոքներու հետ (մասնակիցներու թիւ` 36):
Դ.- Սփիւռքահայ լրագրողներու դասընթացքին մասնակիցներուն թիւը 12 էր, դասընթացքին նպատակն էր երիտասարդ լրագրողներու մասնագիտական մակարդակի բարձրացումը: Ներկայացուեցան հայ-ազրպէյճանական, հայ-թրքական յարաբերութիւններու մասին դասախօսութիւններ, կատարուեցաւ գիտելիքներու փոխանցում, հայ ինքնութեան պահպանման նպաստող քարոզչական միջոցներու տիրապետում: Կազմակերպիչները նաեւ կապ հաստատեցին Լիբանանի «Խօսնակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեանին եւ «Ազդակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանին հետ:
Ե.- Այս տարի սփիւռք ամառնային դպրոցի ազգային երգի ու պարի դասընթացքներուն մասնակցողները (թիւով` 19) եկած էին հետեւեալ երկիրներէն` Ռուսիա, Պիելոռուսիա, Յորդանան, Ուքրանիա, Վրաստան եւ Լիբանան: Ունկնդրեցին դասախօսութիւններ` ազգային պարարուեստի եւ երգարուեստի մասին, ծանօթացան ազգային երգերու եւ պարերու ծագումին:
Դասընթացքին նախատեսուած 100 մասնակցողներուն փոխարէն այս տարի անոնք ունեցան 201-է աւելի մասնակցող: Մասնակցողներուն համար կազմակերպուեցան մշակութային ձեռնարկներ, այցելութիւններ` Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր, հանդիպումներ` պետական, մշակութային գործիչներու հետ, քննարկումներ, բանավէճեր, կլոր սեղաններ:
Դասընթացքը աւարտեցաւ օգոստոս 2-ին. մասնակիցները ելոյթ ունեցան երգով, պարով, ասմունքով, ապա տեղի ունեցաւ վկայագրերու բաշխման հանդիսաւոր արարողութիւն: Ներկայ գտնուեցան Հայաստանի սփիւռքի նախարարին տեղակալը եւ աշխատակիցներ, Կոտայքի մարզպետին տեղակալը, Ծաղկաձորի քաղաքապետարանին աշխատակիցները եւ ԵՊՀ ներկայացուցիչներ ու դասախօսներ եւ ամառնային դպրոցին բոլոր մասնակիցները:
Սոյն գերազանց շահեկան դասընթացքները իրենց լրումին հասնիլը կը պարտինք գիտակրթական ծրագրի բաժնի պետ Սիրվարդ Համբարեանին եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան` որպէս համահայկական ծրագրի վարչութեան պետ Ատոմ Մխիթարեանի հոգատարութեան եւ զոհողութիւններուն, որոնք կը բխին անոնց ազգասիրութենէն, հայրենասիրութենէն ու մարդասիրութենէն:
Գնահատելի են սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին հայապահպանումի գծով կազմակերպած ծրագիրները:
17 օգոստոս, 2013
Պէյրութ-Լիբանան

