Հալէպի Աւետարանական Բեթել Վարժարանը Թեթեւ Վնասներ Կը Կրէ
Երէկ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ անցնող քանի մը օրերը բաւական խաղաղ անցան Դամասկոսի բնակիչներուն համար, իսկ երէկ կէսօրէ ետք Պապ Շարքի շրջանը կրկին դարձաւ հրասանդի հրթիռներու հարուածներու թիրախ. Զէյթուն թաղամասին եւ Զէյթուն եկեղեցւոյ շրջակայքը ինկան քանի մը հրասանդի հրթիռներ որոնց պատճառով արձանագրուեցան միայն նիւթական վնասներ: Յիշենք, որ Պապ Շարքի թաղամասը կը նկատուի «հին Դամասկոս»-ի պատմական քաղաքի կեդրոնը, ուր կը գտնուին բազմաթիւ եկեղեցիներ:
Անդրադառնալով Հալէպի մէջ տիրող իրավիճակին` Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը տեղեկացուց, որ երէկ կէսօրէ ետք հայաշատ թաղամասերը ենթարկուեցան քանի մը հրասանդի հրթիռներու հարուածներու. ժամը 3:00-ին Վիլլաներ թաղամասի մուտքին ինկաւ հրասանդի հրթիռ մը: Մարդկային եւ նիւթական վնաս չկայ:
Իսկ ժամը 5:00-ին Թելեֆոն Հաուայի թաղամասին մէջ գտնուող աւետարանական համայնքի Բեթել վարժարանի շէնքը հարուած ստացաւ եւ կրեց նիւթական թեթեւ վնասներ:
«Ազդակ»-ի թղթակիցը կը նշէ, որ օրերէ ի վեր Հալէպի ներքին քաղաքային եւ բջիջային կապերը ուժի մէջ են, սակայն Սուրիոյ այլ քաղաքներէն եւ միջազգային կապերը բաւական դժուար են: