Ո՞ւր Խօսուած Լեզուն Առաջին Անգամ Գրութեան Վերածուած Է
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Յայտնաբերուած է, թէ գրութիւնը ստեղծուած է կալուածներու եւ ապրանքներու նշումներ կատարելու եւ առեւտրական գործառնութիւններ արձանագրելու համար: Առնուազն, սկիզբի օրերէն մինչեւ այսօր գտնուած ամէնէն հին գրութիւններու վրայ այս հաշիւները գտնուած են:
Անոնք յայտնաբերուած են Միջագետքի (Ներկայի Իրաք) հարաւը, Ուրուք կոչուած հին քաղաքի մը աւերակներուն մէջ: Այդ լեզուն կոչուած է սումերեան, եւ այդ գտնուած կտորները աւելի քան 5000 տարեկան են:
Առաջին գրութիւնները եղած են նկար-բառեր` փիքթոկրամները: Իւրաքանչիւր առարկայ ունէր իր փիքթոկրամը: Ժամանակի ընթացքին նկար-բառերը վերածուած են անկիւնաւոր ձեւերու, որոնք կոչուած են քիւնէիֆորմ գրութիւն (գամի նման, սեպագիր): Սրցուած եղէգէ «մատիտներ» կը մխրճուէին կակուղ կաւէ տախտակներու վրայ, որոնք կը կարծրացուէին թրծուելով յատուկ փուռի մը մէջ:
Ժամանակի ընթացքին նշանները սկսան ներկայացնել, առարկաներու կողքին, գաղափարներ եւ հնչիւններ:
Այդ ժամանակին է, որ սկսան գրի առնել աստուածներու եւ թագաւորներու անունները եւ արձանագրել անոնց ըրած գործերը:
Օրինակ Մը
Եգիպտացիները հնարեցին մեհենագիրերը (իյէրոկլիֆ) գրեթէ նոյն ժամանակաշրջանին, երբ Սումերի մէջ յառաջացաւ սեպագիր գրութիւնը: Անոնք ունէին մինչեւ 800 նշաններ:
Կարգ մը նշաններ կը ներկայացնէին հնչիւններ եւ ուրիշներ` առարկաներ կամ գաղափարներ: Այս նշանները գրելը շատ ժամանակի կը կարօտէր. հետեւաբար եգիպտացիները աւելի դիւրին նշաններ ստեղծեցին ամէնօրեայ կեանքին համար. այս գրութիւնը կը կոչուէր հիուրաթիք գրութիւն: Իսկ հետագային անոնք ստեղծեցին աւելի դիւրին նշաններ` տեմոթիք գրութիւնը:
* * *
Երբ եգիպտացիները դադրեցան մեհենագրերը գործածելէ, անոնց իմաստը աւելի քան հազար տարիներէ ի վեր մոռցուած էր:
1799 թուականին գտնուեցաւ սեւ քարի կտոր մը, որ հետագային անուանուեցաւ Ռոզեթա Սթոն: Անոր վրայ փորագրուած էր երեք տարբեր գրութիւններ, մեհենագիր, տեմոթիք եւ հին յունարէն, զոր մարդիկ տակաւին գիտէին կարդալ: Ֆրանսացի Ժան-Ֆրանսուա Շամփոլիոն կրցաւ գտնել ձեւը` կարդալու այդ երկու տարբեր հին լեզուները:
Ձախլիկներուն Օրը
Գիտէի՞ր, թէ 13 օգոստոսը հռչակուած է ձախլիկներու միջազգային օր: Քիչ մը տարօրինա՞կ է ձախլիկներու յատկացուած օրուան մը գոյութիւնը: Այո՛: Սակայն աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին միլիոնաւոր մարդիկ, որոնք ստիպուած են ապրելու աջլիկներու կողմէ մտածուած աշխարհի մէջ: Այս ձեւով, ձախլիկ աշակերտներուն առօրեան դիւրին չէ. իր գրասեղանի դրացին նեղացնել, գրիչին մելանը հոսեցնել, կամ բնաւ յարմար մկրատ մը չգտնել եւ` ուրիշ բազմաթիւ բաներ:
* * *
Ինչո՞ւ Ձախլիկ, Ինչո՞ւ Աջլիկ
Մեր ուղեղը ունի երկու կիսագունդ: Ձախ կողմի բաժինը կը կառավարէ մարմնին աջ կողմը, իսկ աջ կողմի ուղեղը կը ղեկավարէ մարմնիդ ձախ կողմը: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իրեն յատուկ պաշտօններ. օրինակի համար, ձախ կողմի ուղեղը կապուած է լեզուին (խօսակցութեան), իսկ աջ կողմի ուղեղը` կողմնորոշումին:
Կարելի է հետեւեալ փորձը կատարել: Ոտքի կեցած անձէ մը խնդրէ, որ քեզ թեթեւօրէն դէպի առջեւ հրէ: Ուշադրութիւն ըրէ, թէ դուն ո՞ր ոտքդ առանց մտածելու առջեւ կը դնես, որպէսզի չիյնաս: Այս անդրադարձ շարժումը կը փաստէ, թէ ուղեղդ ունի «իշխող» կողմ մը: Առանց անդրադառնալու` դուն աւելի ճարտար ես, աւելի լաւ կը տեսնես եւ կը խօսիս մէկ կողմով: Գիտնականները բազմաթիւ բացատրութիւններ կու տան: Անոնցմէ մէկն է` ժառանգականութիւնը. որքան շատ ձախլիկ կայ ընտանիքիդ մէջ, այդքան աւելի մեծ հաւանականութիւն կայ, որ դուն ձախլիկ ըլլաս:
* * *
Ձախլիկները կը ներկայացնեն աշխարհի բնակչութեան 13 առ հարիւրը: Հետեւաբար աշխարհի վրայ աւելի շատ աջլիկներ գոյութիւն ունին: Ասիկա կը բացատրուի նաեւ ուրիշ ձեւով: Իրենց մօր փորին մէջ, յաճախ մանուկներուն ձախ կողմը փակած կ՛ըլլայ իրենց մօր սրտին կողմը եւ աջ կողմը ազատ կը մնայ. եւ հետագային ասիկա կը դիւրացնէ աջլիկ ըլլալու երեւոյթը:
Ձախլիկներուն թիւը շատ աւելի նուազ է. անոնք յաճախ «գէշ աչքով» կը դիտուէին հին ժամանակներուն. իսկ դպրոցին մէջ երկար ժամանակ անոնց կ՛արգիլէին իրենց բնազդօրէն գործածած ձեռքը գործածելու:
Ամէնօրեայ կեանքին մէջ շատ մը բաներ «դէպի աջ» կ՛ըլլան: Օրինակի համար, մարդիկ զիրար կը բարեւեն աջ ձեռքը սեղմելով, ինքնաշարժին արագութիւնը կը փոխուի աջ ձեռքով…
Սակայն նշանաւոր անձեր, ինչպէս Ռաֆայէլ Նատալ, Ճիմի Հենտրիքս կամ Լիոնել Մեսսի կը փաստեն, թէ ձախլիկները բնաւ ձախաւեր չեն:
Հետաքրքրական
Ֆասթ Ֆուտ Գիրք
Շուէտի մէջ գիրքերը շատ կարեւոր տեղ ունին: Այս ձեւով, օրինակի համար, Մաք Տոնալտծի ֆասթ ֆուտի ճաշարաններուն մէջ, մանուկներու ճաշի տուփին մէջ, խաղալիքի փոխարէն, կարելի է գիրք մը գտնել:
Շուէտ հիմնած է նաեւ մանուկներու յատուկ գրականութեան մրցանք մը: Այս տարի արժանթինցի Իզոլ անունով երիտասարդուհի մըն է, որ ստացաւ մանուկներու գրականութեան նշանաւոր գրագիտուհի Ասթրիտ-Լինտկրինը անունը կրող վարձատրութիւնը:
Առողջ Եւ Ուրախ
Բժիշկները կազմած են ցանկը այն ուտելիքներուն, որոնք մեզի լաւ կենսանիւթեր կը հայթայթեն, եւ նոյն ատեն մեզ կ՛ուրախացնեն: Այսինքն` այն ուտելիքները, որոնք մեզ առողջ կը պահեն եւ մեր տրամադրութիւնը` բարձր:
Առաջին կարգի վրայ կը գտնուի տուրմը, ապա կու գան լոսդին (սոմոն ձուկ), նուշը եւ խնձորը:
Դատավարութիւն
Գերմանիոյ մէջ դատարան մը տարօրինակ դատ մը տեսած է: Դրամատան կին պաշտօնեայ մը իր գործէն դուրս դրուած է, որովհետեւ չէ նկատած, թէ իր պաշտօնակիցը իր համակարգիչին կոճակներուն վրայ քնացած է:
Քնանալու ընթացքին ան 2-ի կոճակին վրայ կոխած էր եւ 222 222 222 եւրօ հաշիւէ հաշիւ անցուցած է 62 եւրոյի փոխարէն: Սակայն պաշտօնեայ կինը վերջ ի վերջոյ կրցած է դարձեալ գործի սկսիլ, եւ դրամը փոխանակելու գործողութիւնը ջնջուած է:
Բանտարկութիւն
31 դեկտեմբեր 2012-ին Պրազիլի Արափիրաքայի բանտին պահակները կեցուցած են կատու մը:
Կատուն կը պտտէր իր մարմնին վրայ կպչուն երիզներով ամրացուած փախուստ տալու համար անհրաժեշտ բոլոր գործիքները: Դժբախտաբար պահակները չեն կրցած կատուին խոստովանիլ տալ, թէ այդ գործիքները որո՛ւ ուղղուած էին:
Ոստիկանները Եւ Շուները
Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրէշի ոստիկանութիւնը նկարած է շուները, որոնք մայթէ մայթ անցնելու համար կը քալէին հետիոտներու յատուկ անցքերուն վրայէն… երբ մարդիկ չէին յարգեր այդ գիծերը:
Այդ երեւոյթէն մեկնելով` ոստիկանութիւնը պատկերասփիւռէն կը ցուցադրէ կարճ ժապաւէն մը` անոր կցելով «Անոնք կ՛ընեն, դո՛ւք ալ ըրէք» կարգախօսը:
Բարի Ախորժակ
13 դեկտեմբեր 2012-ին իտալացի խոհարարներ Հռոմի մէջ պատրաստեցին բոլոր ժամանակներու ամէնէն մեծ փիցցան: Անոր տրամագիծը 40 մեթր էր եւ կը կշռէր 23 թոն:
Տուրմ
Անգլիացի եւ սպանացի գիտնականներ խմելու նոյն տուրմը կամաւորներու հրամցուցած են տարբեր գոյնով գաւաթներու մէջ: Կամաւորներուն մեծամասնութիւնը նախընտրած է նարնջագոյն գոյնով գաւաթին մէջի տուրմը:
Ժամանց











