«Արտալճեան»-ցիները Կը Գրեն

Փոքր տարիքէս` 5 տարեկանէս կը յաճախեմ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը: Անիկա իմ երկրորդ տունս է, ուր կը սորվիմ կարդալ ու զանազան գիտելիքներ կը ստանամ:

Հոն նաեւ սորված եմ օգնել ուրիշներուն, ինչպէս նաեւ ինձմէ փոքրերուն, որպէսզի իրենք ալ կարենան զիրար սիրելով օգնել իրարու եւ հաճելի ժամեր անցընել գրադարանին մէջ:

ԱՆԱՀԻՏ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ, 13 տարեկան
(Շամլեան-Թաթիկեան)

12 տարեկան եմ, շատ կը սիրեմ «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանը, որովհետեւ շատ կ՛օգտուիմ հոն սորվածներէս` կարդալ, գծել, ձեռային աշխատանք, զարգացման մրցումներ, աղօթք, պտոյտներ, մաքուր հայերէն խօսիլ եւ մեզմէ աւելի փոքրերուն հոգ տանիլ:

ԹԻՆԱ ՔԷՇԻՇԵԱՆ, 12 տարեկան
(Ս. Ագնէս)

Անունս է Սագօ Տէմիրճեան, շատ կը սիրեմ ԼՕԽ-ի գրադարանը: Ձմեռը դասերս հոս կը սորվիմ, ամառը հաճելի ժամեր կ՛անցընեմ:

Հիմնադրութեան 20-ամեակին առիթով կը մաղթեմ, որ մնայ յաւիտեան:

ՍԱԳՕ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ, 11 տարեկան
(Կերթմէնեան)

2 տարի է «Նարօտ Արտալճեան» գրադարան կը յաճախեմ եւ արդէն  տունս կը զգամ: Փափաքս էր մանկութենէս փոքրիկներուն հոգ տանիլ, եւ արդէն այդ մէկը իրականացաւ: Հոս կ՛օգնեմ պատասխանատու տիկինին եւ շատ ուրախ եմ:

ՑՈԼԵՐ ԱՒԱԳԵԱՆ, 12 տարեկան
(Ս. Ագնէս)

Ես կը սիրեմ գրադարանը, ինծի համար ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանը ամէն ինչի տեղ է` դաս, ընթերցանութիւն, խաղեր, պտոյտ, մրցումներ:

ԽԱԼՕ ՍՈՒՍԱՆԻ, 10 տարեկան
(Ա. Գասարճեան)

Շատ կը սիրեմ ԼՕԽ-ի գրադարանը, որովհետեւ կը սիրեմ ունենալ նոր ընկերներ եւ կը սիրեմ գիրք կարդալ: Շատ կը սիրեմ նաեւ գծագրութիւն:

ՍԷՐՈՒԺ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ, 8 տարեկան
(Ք. Մանկանց)

Ես կը սիրեմ գրադարանը, որովհետեւ գիրք կը կարդանք եւ համակարգիչով կը խաղանք:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՔԷՀԷԵԱՆ
(Ա. Գասարճեան)

Շատ կը սիրեմ գրադարանը, որովհետեւ մեզի համար ամէն տեսակ զբաղում կայ հոն, եւ ամառը չենք տաքնար, օդափոխիչ ունինք:

ՇԱՐՊԷԼ ՏԷՐ ԱԴԱՄԵԱՆ, 10 տարեկան
(Մեսրոպեան)

Կը սիրեմ գրադարանը, որովհետեւ շատ-շատ գիրքեր կան հոն, եւ մեզի հոգ կը տանին:

ՔՐԻՍՏ ՆԵՐՍԷՍ, 9 տարեկան
(Աբգարեան)

Շատ կը սիրեմ գրադարանը, մանաւանդ զարգացման մրցումները:

Այս տարի անոր 20-ամեակը պիտի տօնենք: Շատ ուրախ եմ, որ հանդէս կը պատրաստենք:

ՍԷՐՈՒԺ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
(Ս. Ագնէս)

Կը սիրեմ ԼՕԽ-ի գրադարանը, ինծի համար հաճելի վայր է հոս: Նոր բաներ կը սորվիմ եւ ուրախ ժամեր կ՛անցընեմ:

ՏԱՆԻԷԼ ԽԱՉԵՐԵԱՆ, 13 տարեկան
(Շամլեան-Թաթիկեան)

Կը սիրեմ ԼՕԽ-ի գրադարանը, նոր ընկերներ կ՛ունենամ եւ ուրախ ժամեր կ՛անցընեմ:

ՔԵՒԸՆ ԳԱՍԱՊԵԱՆ, 10 տարեկան
(Շամլեան-Թաթիկեան)

Ինծի համար գրադարանը հաճելի վայր մըն է: Կը սիրեմ անոր գիրքերը: Կը սորվիմ բարութիւն ու ուսումնասիրութիւն: Ահաւասիկ 2 տարի է կը յաճախեմ: Շնորհակալ եմ բոլորին, որ ինծի կը պահեն այս յարկին տակ:

ՅԱԿՈԲ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ, 12 տարեկան
(Դպրեվանք)

Կը սիրեմ գրադարանի գիրքերը, որովհետեւ գիրք կարդալ շատ կը սիրեմ: Հոս նոր գիտելիքներ սորվեցայ. շատ հաճելի տեղ մըն է:

ԱՆԴՕ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ, 12 տարեկան
(Շամլեան-Թաթիկեան)

Կը սիրեմ գրադարանը: Ամէն ինչով մենք հոս կը զարգանանք, նոր բաներ կը սորվինք:

ՅԱԿՈԲ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ, 11 տարեկան
(Մեսրոպեան)

Կը սիրեմ գրադարանը: 6 տարի է կը յաճախեմ, ինծի համար հոս իմ տունս է. ամէն ձեւով կը զբաղինք հոս:

ՍԱՐԻՆ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ, 11 տարեկան
(Շամլեան-Թաթիկեան)

Share this Article
CATEGORIES