Ճոնզ Դարձեալ Ձերբակալուած Է` Այս Անգամ Շուրջ Երեք Հազար Քուրան Այրելու Փորձի Համար

Lenta.ru կայքէջ` վկայակոչելով «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ը, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգի Մալպըրի քաղաքի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է ամերիկացի պատուելի Թերի Ճոնզը, որ յայտնի է Քուրան այրելու իր արարքներով. այս անգամ ան փորձած է Քուրանի 3 հազար նմուշ այրել:

Ան ձերբակալուած է, երբ ոստիկանութիւնը կանգնեցուցած է պենզինով թրջուած Քուրանի նմուշներով բեռնաւորուած անոր ինքնաշարժը:

Ճոնզ բացատրած է, որ ուզած է այրել 2998 նմուշ` 11 սեպտեմբեր 2001-ի ահաբեկչական յարձակումի իւրաքանչիւր զոհի համար մէկ գիրք: Ան նաեւ նշած է, որ դէմ է իսլամներուն եւ զինք անհանգստացնողը իսլամութեան դաժանութիւնն է:

Ճոնզին մեղադրանքներ ներկայացուած են:

 

Share this Article
CATEGORIES