Քերրի. «Ասատ Քիմիական Զէնքերուն Մասին Տեղեկութիւն Ներկայացնելու Համար 30 Օր Ունի». Սուրիա Քիմիական Զէնքի Տարածման Արգիլման Համաձայնագիրին Միանալու Համար ՄԱԿ-ին Փաստաթուղթ Մը Ներկայացուց

ՄԱԿ-ի բանբեր Ֆարհան Հաք երէկ յայտարարեց, որ Սուրիայէն քիմիական զէնքի տարածման արգիլման համաձայնագիրին միանալու փաստաթուղթ մը ստացած են: Սակայն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ` այդ համաձայնագիրին միանալը անոր ունեցած քիմիական զէնքերու վնասազերծման այլընտրանք մը չի կրնար ըլլալ: ՄԱԿ նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց Սուրիա խաղաղապահ ուժեր ուղարկելու, եթէ Ապահովութեան խորհուրդը ատիկա պահանջէ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ Սպիտակ տան մէջ իր վարչակազմի ժողովին ընթացքին յոյս յայտնեց, որ Ժընեւի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ճոն Քերրիի եւ Սերկէյ Լաւրովի միջեւ հանդիպումը արդիւնաւէտ ըլլայ: Վերջիններս իրենց հանդիպումին աւարտին տուին միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Լաւրով յայտնեց, որ իրենք Սուրիոյ քիմիական զէնքի տարածման արգիլման համաձայնագիրին միանալուն յանձնառու կը մնան:

Ան յոյս յայտնեց, որ ռուսական նախաձեռնութիւնը հարցը լուծէ առանց զինուորական քայլերու դիմելու անհրաժեշտութեան` նշելով, որ քիմիական զէնքերը միջազգային վերահսկողութեան տակ դնելը Սուրիոյ դէմ հարուածը անհարկի կը դարձնէ: Լաւրով ըսաւ, որ «դէպքերու զարգացումը մեզի կ’արտօնէ «Ժընեւ¬2» խորհրդաժողովի գումարման նոր առիթ ստեղծել»: Ան նշեց, որ իր քիմիական զէնքերու պահեստներուն մասին Սուրիոյ ներկայացուցած փաստաթուղթերը ուշի ուշով պիտի քննուին:

Քերրի իր կարգին ընդգծեց, որ Սուրիոյ շուրջ դիւանագիտական ջանքերու ձախողութեան պարագային զինուորական ընտրանքը տակաւին սեղանի վրայ է: Ան յայտարարեց, որ պէտք է աշխատանք տանիլ ռուսական առաջարկը ճշդուած մեքանիզմի մը եւ յստակ ժամանակամիջոցի մը հիմամբ գործադրելու:

Քերրի ըսաւ, որ Լաւրովի հետ «մարդոց կեանքերը փրկելու, Ժընեւի մէջ հաստատուած սկզբունքերը յարգելու եւ զանգուածային զէնքերու օգտագործումը կանխարգիլելու կարեւորութեան շուրջ» համաձայնութիւն գոյացուցած է: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ «Ասատ պէտք է իր խոստումները յարգէ, որովհետեւ միայն խօսքերը բաւարար չեն»` աւելցնելով, որ «Ասատ իր քիմիական զէնքերուն մասին տեղեկութիւն ներկայացնելու համար 30 օր ունի»:

Քերրի եւ Լաւրով այսօր եւ հաւանաբար շաբաթ օր եւս հանդիպում ունենան:

Ասատ. «Սուրիա Քիմիական Զէնքերու Վերաբերեալ
Համաձայնագիր Ստորագրելու Փաստաթուղթեր
Պիտի Ուղարկէ ՄԱԿ–ին»

Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը բացայայտեց Սուրիոյ քիմիական զէնքերը միջազգային հսկողութեան տակ դնելու ռուսական նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները` նշելով, որ «առաջին հանգրուանին Սուրիա մաս կը կազմէ Քիմիական զէնքի տարածման արգիլման կազմակերպութեան, երկրորդ հանգրուանին` Դամասկոս քիմիական զէնքի արտադրութեան եւ պահեստանոցներու վայրերը կը յայտարարէ, երրորդ հանգրուանին` Քիմիական զէնքի տարածման արգիլման կազմակերպութեան հետաքննիչներուն կ՛արտօնէ այդ վայրերը այցելել, իսկ չորրորդ հանգրուանին` Դամասկոս միջազգային հետաքննիչներուն հետ այդ զէնքերը վնասազերծելու ձեւը կ՛որոշէ»:

Օրաթերթը նշեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ Մոսկուա իր վերջին այցելութեան ընթացքին այս ծրագիրին համաձայնութիւն յայտնած էր:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ երէկ սուրիական վարչակարգէն պահանջեցին «իր քիմիական զինանոցին ծաւալն ու յատկութիւնները կարելի եղածին չափ շուտ բացայայտել»: Ամերիկացի պաշտօնատար մը Քերրիի ընկերակցող լրագրողներուն յայտնած է, որ այդ զէնքերը միջազգային հսկողութեան տակ դնելը «գործադրելի, սակայն դժուար հարց մըն է»:

Ռուսիա Ստեղծուած Առիթին Մսխումէն Կը Զգուշացնէ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ յայտարարեց, որ «սուրիացի ըմբոստներն էին եւ ոչ թէ Պաշշար Ասատի վարչակարգի բանակը, որ Դամասկոսի մօտ քիմիական զէնք օգտագործեցին` ամերիկեան միջամտութիւն մը հրահրելու համար»` զգուշացնելով, որ «ինքնապաշտպանութեան օրինականութեան կամ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ծիրէն դուրս ուժի օգտագործումը անընդունելի է եւ թշնամական արարք մը պիտի ըլլայ»:

Փութին յայտնեց, որ «Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուածները կրնան ահաբեկչութեան նոր ալիք մը բարձրացնել, ձախողութեան մատնել իրանեան հիւլէական հարցի եւ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման բազմաթիւ ջանքերը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ յաւելեալ անկայունութիւն յառաջացնել»:

Ռուսիոյ նախագահը Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց «Մոսկուայի առաջարկին հիմամբ իր քիմիական զէնքերը վնասազերծելու Սուրիոյ փափաքին առիթը օգտագործելու»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ղազախստանի մէջ յայտարարեց, որ «գոյութիւն ունի Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատելու առիթ մը, որ պէտք չէ փախցնել»: Ան ուսանողներու առջեւ արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ «փոթորիկէն դուրս գալու համար չափազանց մեծ ջանքեր թափուեցան»` նշելով, որ «Մոսկուա ողջունեց սուրիական քիմիական զէնքերը միջազգային հսկողութեան տակ դնելու եւ հետագային վնասազերծելու, ինչպէս նաեւ քիմիական զէնքերու տարածման արգիլման կազմակերպութեան մաս կազմելու վերաբերեալ իր նախաձեռնութեան Դամասկոսի համաձայնութիւնը»:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ ինք մեծ յոյս ունի, որ գոյացած փոխըմբռնումը Սուրիոյ զինուորական հարուած հասցնելու վտանգը չքացնէ` աւելցնելով, որ իր երկիրը դիւանագիտական աշխուժ ջանքեր կը թափէ կանխարգիլելու այդպիսի հարուած մը, որ միայն Սուրիոյ եւ ամբողջ շրջանին մէջ կացութեան յաւելեալ քայքայում պիտի պատճառէ:

Ան նշեց, որ Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ երբեք անհրաժեշտ արդիւնքին պիտի չհասնին, եթէ «անոնց նախաձեռնութիւնը» շրջանի եւ միջազգային զօրակցութեան չարժանանայ:

Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտնեց, որ «Սուրիոյ քիմիական զէնքերուն վերաբերեալ ռուսական նախաձեռնութիւնը յաջողեցաւ Դամասկոսը որոշ ժամանակուան մը համար (զինուորական) հարուածէ փրկել»:

Ռուսական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Ուշաքով Մոսկուայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ «վերջին օրերուն ու ժամերուն ընթացքին կարելի եղաւ Սուրիան որոշ ժամանակով փրկել հարուածէն, որ կը սպառնար շրջանային եւ միջազգային կայունութեան»` աւելցնելով, որ այսուհետեւ «պէտք է մեր կարելին ընենք, որպէսզի առիթը ի զուր չերթայ»:

Հէյկ. «Սուրիան Հարուածելու Ամերիկեան
Սպառնալիքը Ազդեցիկ Եղաւ»

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտնեց, որ «սուրիական վարչակարգին վրայ միջազգային հետզհետէ աճող ճնշումն ու վարչակարգին կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործումէն ետք Սուրիան հարուածելու ամերիկեան սպառնալիքը ազդեցիկ եղան»` աւելցնելով, որ սուրիական կառավարութեան կողմէ ստանձնուած որեւէ յանձնառութեան պէտք է զգուշութեամբ մօտենալ, որովհետեւ սուրիական վարչակարգը «տարիներով ստեց եւ միջազգային հետաքննիչներուն Սուրիա մուտքը արտօնել մերժեց»:

Բրիտանական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ համաձայն գտնուեցանք, որ ռուսական նախաձեռնութիւնը քիմիական զէնքի օգտագործման կարելիութեան վերջ կու տայ` առանց ուժի օգտագործման դիմելու»:

Էրտողան. «Ասատ Նոր Ջարդեր Կատարելու Համար
Կը Փորձէ Ժամանակ Շահիլ»

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ ինք դժուարութիւն ունի հաւատալու, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ քիմիական զէնքերը միջազգային հսկողութեան տակ դնելու իր խոստումը կը յարգէ: Ան նշեց, որ Ասատ կը փորձէ նոր «ջարդեր» կատարելու համար ժամանակ շահիլ:

Էրտողան Պոլսոյ մէջ իր արտասանած մէկ խօսքին մէջ ըսաւ, որ «Ասատի վարչակարգը իր խոստումներէն ոչ մէկը յարգեց, ան նոր ջարդեր կատարելու համար ժամանակ կը շահի եւ կը շարունակէ ջարդեր կատարել»` աւելցնելով, որ «քիմիական զէնքերու վերաբերեալ իր խոստումները յարգելուն շուրջ կասկածներ ունինք»:

Զողպի. «Սուրիա Ռուսական Նախաձեռնութեան
Ընդառաջեց Կանխարգիլելու Համար
Պատերազմ Մը, Որ Ամբողջ Շրջանը
Պիտի Հրկիզէ»

Ռուսական «Ռոսիա 24» պետական պատկերասփիւռի կայանը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ իր կատարած եւ երէկ գիշեր սփռուելիք հարցազրոյցէն հրապարակեց փոքր բաժին մը, որուն մէջ  Ասատ յայտնեց, որ «Սուրիա իր քիմիական զէնքերը միջազգային հսկողութեան կը փոխանցէ Ռուսիոյ պատճառով»` աւելցնելով, որ «Միացեալ Նահանգներու սպառնալիքները զէնքերը (միջազգային) վերահսկողութեան տակ դնելու որոշումին վրայ ազդեցութիւն չունին»:

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի յայտնեց, որ «Սուրիա ռուսական նախաձեռնութեան ընդառաջեց` կանխարգիլելու համար պատերազմ մը, որ ամբողջ շրջանը պիտի հրկիզէ»` նշելով, որ «ռուսական նախաձեռնութեան ներկայացման նպատակը Սուրիոյ դէմ ամերիկեան յարձակումի կանխարգիլումն էր»:

Զողպի շեշտեց, որ յարձակումի ենթարկուելու պարագային ինքնապաշտպանութեան դիմելու Սուրիոյ իրաւունքը օրինական է` նշելով, որ եթէ պատերազմ տեղի ունենայ, շրջանին մէջ բազմաթիւ կողմերու վնաս պիտի պատճառէ եւ «շրջանին մէջ թաւալող ձիւնագնդակի նման պիտի վերածուի»:

Զողպի ըսաւ, որ «այսօր գնդակը ամերիկեան դաշտին մէջ է», եւ յոյս յայտնեց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին հասնելու համար ամերիկեան ողջմիտ որոշումը տիրէ: Ան նշեց, որ Սէուտական Արաբիա, Թուրքիա եւ Քաթար ընդդիմութեան մէջ կարգ մը անձերու արգիլած են «Ժընեւ-2»-ին մասնակցիլ:

Սուրիոյ տնտեսական հարցերով փոխվարչապետ Քատրի Ժամիլ կոչ ուղղեց քիմիական զէնքերը խլելէ ետք Դամասկոսը չհարուածելու վերաբերեալ երաշխիքներ ապահովելու: Ան «Ռաշա Թուտէյ»-ին յայտնեց, որ  հակառակ ռուսական նախաձեռնութեան Դամասկոսի «սկզբունքային համաձայնութեան», պէտք է երաշխիքներ ըլլան, որ այդ զէնքերը իրմէ խլելէ ետք յարձակումի պիտի չենթարկուի, որովհետեւ եթէ այդ զէնքերը «Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունին, ապա արտաքին որեւէ յարձակումէ պաշտպանուելու համար գոյութիւն ունին»:

Իսրայէլացի Նախարար Մը
Կ՛ողջունէ Ռուսիոյ Առաջարկը

Իսրայէլի ռազմավարական հարցերով նախարար Եովալ Շթայնից զգուշաւոր զօրակցութիւն յայտնեց ռուսական առաջարկին հիմամբ իր քիմիական զէնքերէն հրաժարելու Սուրիոյ քայլին եւ իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «չեմ կրնար ըսել, որ ամբողջական վստահութիւն ունինք, սակայն եթէ ռուսական այս առաջարկը իրապէս Սուրիոյ քիմիական զէնքերէն ձերբազատման պիտի առաջնորդէ, ապա անիկա այս ողբերգութեան եւ սպառնալիքին վերջ տալու միջոց մըն է»:

Իրաք Թուրքիոյ Ներկայացուցած Է Սուրիոյ
Տագնապին Քաղաքական Լուծման
Իր Նախագիծը

Իրաքի քրտական կուսակցութիւններու դաշինքի ներկայացուցիչ Հասան Ճիհատ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ իրաքեան երեսփոխանական պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ խորհրդարանի նախագահ Ուսամա Նաճաֆիի, սուրիական տագնապին միջամտութիւնը դադրեցնելու եւ խնդիրի խաղաղ լուծման իրաքեան նախագիծին աջակցելու վերաբերեալ կը բանակցի թրքական իշխանութիւններուն հետ:

«Իրաքի ուղերձը Թուրքիոյ յստակ է. անհրաժեշտ է դադրեցնել Սուրիոյ ներքին գործերուն միջամտելը եւ նպաստել իրավիճակը բանակցային ճամբով լուծելուն: Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի Իրաքի նախաձեռնութեան մասին արտայայտուած է», ըսած է Ճիհատ:

Իրաքի վարչապետը առաջարկած էր քաղաքական լուծման նախագիծ մը, որ կը նախատեսէր Սուրիոյ ամբողջ տարածքին ամբողջովին դադրեցնել բախումները, նաեւ` հակամարտող կողմերուն զէնքի եւ ելեւմտական աջակցութեան տրամադրումը, երկրէն դուրս բերել արտասահմանցի վարձկանները եւ ՄԱԿ-ի խիստ վերահսկողութեան տակ խաղաղ բանակցութիւններ վարել:

Ըստ իրաքեան աղբիւրներու, Արաբական լիկայի վերջին նիստին ընթացքին այդ նախաձեռնութեան կողմ արտայայտուած են բոլոր երկիրները, բացի` Սէուտական Արաբիայէն:

Ամերիկեան Ծովուժը Պատրաստ Է
Սուրիան «Ուժգին» Հարուածելու

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան ծովուժի քաղաքային բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Ռէյ Մափոս յայտարարած է, որ «Միջերկրական ծովուն մէջ գտնուող ամերիկեան մարտանաւերը պատրաստ են սուրիական վարչակարգը ուժգին հարուածելու»: Ան նշեց, որ «կը վստահեցնեմ ձեզի, որ եթէ նախագահը մեզմէ պահանջէ հարուածել, ապա ուժեղ եւ արագ կերպով պիտի հարուածենք»` աւելցնելով, որ հարուածը սահմանափակ թիրախներ պիտի ունենայ եւ պիտի ջլատէ Ասատի վարչակարգին կարողութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES