Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր քաղաքացիները զգուշացուց Լիբանան մեկնելէ` նկատի ունենալով շրջանին մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պէյրութ գտնուող իր քաղաքացիներէն պահանջեց սէուտական դեսպանատուն կապուիլ եւ օժանդակութիւն խնդրել, եթէ կարիքը զգացուի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան հաստատեց, որ քիմիական զէնքերուն մասին Ռուսիոյ առաջարկը գործնականապէս յետաձգած է Սուրիոյ դէմ գործուելիք ամերիկեան զինուորական հարուածին հաւանականութիւնը:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ միասնականութեան կոչ ուղղեց իսլամներուն եւ անոնցմէ պահանջեց դիմադրել զիրենք հարուածող դաւադրութիւններուն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Մեհրապի դռները բաց են բոլորին դիմաց:
Հաղորդագրութիւնը հրապարակուեցաւ առ ի պատասխան շրջանառութեան մէջ դրուած այն զրպարտութիւններուն, թէ Մեհրապի դռները փակ պիտի մնան Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող անկախ անձնաւորութիւններուն դիմաց:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի յայտնեց, որ շրջանին մէջ Դիմադրութեան դաշինքը նոր յաղթանակ մը արձանագրած է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Հարաւային արուարձաններուն մէջ անձնական ապահովութիւն հաստատելու զրպարտութիւնները գրգռութիւններ հրահրելու նպատակներ կը հետապնդեն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Ալի Խրէյս շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն արտայայտած կեցուածքը` նոր կառավարութեան մէջ Հըզպալլայի մասնակցութեան առումով, զարմանք կը պատճառէ: Ան ըսաւ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը ճամբու քարտէս մըն է, որուն նկատմամբ իրենք մեծ վստահութիւն ունին:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ նկատի ունենալով շրջանին մէջ տիրող պայմանները, Պէյրութի նաւահանգիստը գործնականապէս վերածուած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ նաւահանգիստին:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը տեղեակ պահած է ամերիկեան-ռուսական նախաձեռնութեան մասին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի Թրիփոլիի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Սուրիա անցք մըն է եւ ոչ թէ կեդրոն մը` աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապը երկարատեւ պիտի ըլլայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ յայտնեց, որ իրենք քաղաքական իրենց հակառակորդներուն մօտ կը փնտռեն դրական կէտեր, որոնց շուրջ կարելի է համաձայնութիւն գոյացնել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ահմետ Ֆաթֆաթ ընդգծեց, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութիւնը` զայն նկատելով քաղաքական վտանգաւոր խուսանաւում մը, որուն նպատակն է հարուածել երկրին սահմանադրութիւնը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի նախատեսեց, որ ամերիկեան-ռուսական մասնակի համաձայնութիւնը Լիբանանի մէջ դրական արդիւնքներով դրսեւորուի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ հաստատեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին ներկայացուցած ընտրական օրէնքէն առաջ եւ անոր յաջորդող հանգրուանին, Մեհրապի հետ իր յարաբերութիւնները մնացած են նոյնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքին համաձայն, Հըզպալլա կառչած կը մնայ որեւէ կառավարութեան մէջ անոր կազմին որոշումները արգելակող մէկ երրորդի իրաւունքին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ շեշտեց, որ քաղաքապետարաններու ոստիկաններուն յաւելեալ ապահովական պարտականութիւններ վստահիլը պէտք չէ անձնական ապահովութիւն նկատել:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Դիմադրութեան մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ. «Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն խորհուրդ տուինք սուրիական տագնապին վրայ գրաւ չդնել»: