Ռայի Պատրիարքը Մեկնեցաւ Ռումանիա
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հովուապետական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Ռումանիա:
Նախքան իր մեկնումը, Ռայի պատրիարքը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց մէջ պահանջեց Սուրիոյ տագնապը երկխօսութեամբ եւ բանակցութիւններու հիման վրայ լուծել:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ իրենք պատերազմի եւ ահաբեկչութեան չեն հաւատար` մաղթելով, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարները լուծումի մը յանգին:
Անդրադառնալով սուրիացի գաղթականներուն` Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ անոնց թիւը հասած է հինգ միլիոնի` աւելցնելով, որ գաղթականները միայն քրիստոնեաներ չեն, այլեւ` իսլամներ: «Գաղթականութեան պարագային իսլամ կամ քրիստոնեայ տարբերութիւն գոյութիւն չունի», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ կառավարութիւն մը կազմելու` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական ոչ մէկ կողմ պէտք է նախապայման պարտադրէ կառավարութեան կազմութեան առումով:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ կարելի չէ Լիբանանի ճակատագիրը առնչել սուրիացի գաղթականներուն տնտեսական եւ ապրուստի տագնապներուն: Ան դիտել տուաւ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ողջունած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած երկխօսութեան նախաձեռնութիւնը, «իսկ մենք կ՛օրհնենք որեւէ շինիչ երկխօսութիւն», ըսաւ Ռայի պատրիարքը: