Ժեմայէլ Դատապարտեց Թուրք Օդաչուներուն Առեւանգումը

Ժեմայէլ` Էօզեըլտըզի հետ հանդիպման ընթացքին

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն ընկերակցեցաւ դեսպանատան քաղաքական խորհրդական Արտա Ուլութաշ:

Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ խստիւ դատապարտեց Պէյրութի մէջ թուրք օդաչուներուն առեւանգումը, ինչպէս նաեւ յիշեցուց Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն եւ Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու առաջնորդներուն հարցը:

Քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները` Սուրիոյ զարգացումներուն լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ վերջին հանգրուանին յաղթանակ արձանագրած դիւանագիտական ջանքերուն կարեւորութիւնը:

ՆՇԵՆՔ, որ Էօզեըլտըզ այցելեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, որուն հետ քննարկեց Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարն ու Լիբանանի մէջ առեւանգուած թուրք օդաչուներուն հարցը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )