Սապունճեան Ընդունեց Աւստրիոյ Դեսպանը
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան Ուրսուլա Ֆեհրինկըրը եւ դեսպանատան տնտեսական խորհրդականը, որոնց հետ հանդիպումին ընթացքին ան կոչ ուղղեց լիբանանցի գործարարներուն այցելելու Աւստրիա եւ սերտելու միացեալ աշխատանքի կարելիութիւնները:
Վ. Սապունճեան շեշտեց եւրոպական շուկաներուն, յատկապէս Աւստրիոյ շուկային բացուելու եւ գործակցութիւն ծաւալելու ու առեւտուր կատարելու կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, Ֆեհրինկըր յայտնեց, որ լիբանանցի գործարարներու արձանագրած յաջողութիւններն ու անոնց փորձառութիւնը կրնան ըլլալ առիթ մը, որմէ կրնան օգտուիլ աւստրիացի գործարարները եւ կրնան գործակցիլ արաբական ու ափրիկեան շուկաներուն հետ:
Ֆեհրինկըր ողջունեց Լիբանանի եւ Աւստրիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն բարելաւումը` աւելցնելով, որ հոկտեմբերի աւարտին լիբանանցի գործարարներ պիտի ուղղուին Վիեննա` քննարկելու համար փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները:


