Պըրրի-Հէյլ` Ծանօթացման Հանդիպում
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը:
Հանդիպումը ունէր ծանօթացման բնոյթ:
Պըրրի եւ Հէյլ քննարկեցին Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ անհրաժեշտ է առիթէն օգտուիլ եւ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական ու դիւանագիտական լուծում ապահովել:
Լիբանանեան առումով Պըրրի ընդգծեց ներլիբանանեան ազգային երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը եւ նոր կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Հէյլ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի կը գտնուի Ժընեւի մէջ` քննարկելու համար Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին օգտագործած քիմիական զէնքերուն հարցին քաղաքական լուծում ապահովելու կարելիութիւնը:
Հէյլ ըսաւ, որ «Ասատ անկասկած քիմիական զէնքերը գործածած է իր ժողովուրդին դէմ եւ պիտի չվարանի զանոնք դարձեալ գործածելէ, եթէ մենք համապատասխան միջոցներուն չդիմենք»: