Միքաթի. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Անհրաժեշտ Է»

Մամլոյ ասուլիսէն պահ մը

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը ներկայացնող կառավարութիւն մը կազմելը անհրաժեշտ է, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տիրող ընկերային եւ տնտեսական պայմանները:

Թրիփոլիի իր բնակարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ ինք լրատուական վարժանիստ մը պիտի կատարէ` մշակելու համար լրատուական ուխտ մը, որ պէտք է որդեգրուի բոլոր լրատուամիջոցներուն եւ մամուլին կողմէ:

Միքաթի հաստատեց, որ անհրաժեշտ է անպայման պահպանել Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Միքաթի նաեւ ընդգծեց, որ ինք յաջորդ շաբաթ պիտի յայտարարէ երկխօսութեան նախաձեռնութիւն մը, որ կը կոչուի Լիբանանը եւ լիբանանցիները փրկելու նախաձեռնութիւն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )