«Պաապտայի Յայտարարութիւն»-ը Դիմադրութեան Եւ Անոր Զէնքին Մասին Ոչ Մէկ Ակնարկութիւն Կատարած Է» Նշուեցաւ Հանրապետութեան Նախագահութեան Կողմէ

Գնդապետ-զօրավար Պասսամ Եհիա

Հանրապետութեան նախագահութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը Դիմադրութեան եւ անոր զէնքին մասին ոչ մէկ ակնարկութիւն կատարած է, միաժամանակ նաեւ չէ անդրադարձած Դիմադրութեան կարողութիւններէն օգտուելու եւ այդ կարողութիւնները լիբանանեան պետութեան տրամադրութեան տակ դնելու հարցին:

Հաղորդագրութիւնը կարդաց երկխօսութեան նախապատրաստական յանձնախումբի նախագահ գնդապետ-զօրավար Պասսամ Եհիա, որ յայտնեց, թէ Լիբանանի Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան մասին այս պատկերացումները  յայտարարուած են հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ` 20 սեպտեմբեր 2012-ի Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին:

Եհիա ըսաւ, որ օրին այս պատկերացումները մեկնաբանութիւններու դռներ բացած են, եւ Ազգային երկխօսութեան նիստը զայն մեկնակէտ նկատած է` ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու, ինչպէս նաեւ զանոնք ուսումնասիրելու առիթ ընձեռած է:

«Սակայն մինչեւ օրս Ազգային երկխօսութեան նիստ չէ կատարուած, եւ այդ պատճառով ալ լիբանանցիներուն մօտ անորոշութիւն կը տիրէ: Հետեւաբար, հանրապետութեան նախագահութիւնը որոշեց իրականութիւնները լիբանանեան հանրային կարծիքին տրամադրութեան տակ դնել: Օրին նախագահ Սլէյման 37 վայրկեան տեւած ելոյթի մը ընթացքին ներկայացուց իր պատկերացումները եւ Ազգային երկխօսութեան նիստին ներկաներէն պահանջեց բարեփոխման առաջարկներ կատարել բանաձեւերուն, օգտագործուած եզրերուն եւ փաստաթուղթին ոճին վերաբերեալ, որպէսզի կարելի ըլլար անոր շուրջ համախոհութիւն գոյացնել եւ այդ մասին տեղեակ պահել Արաբական լիկան ու ՄԱԿ-ը` անոնց մօտ պահպանելով Լիբանանի նկատմամբ վստահութիւնը:

«Այնուամենայնիւ Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակիցները պահանջեցին յետաձգել երկխօսութիւնը, եւ աւելի ուշ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայութեան կատարուեցան որոշ բարեփոխումներ, իսկ այլ էջեր մնացին իրենց նոյն ձեւին մէջ` ներկաներուն համախոհութեամբ»:

Նախագահական պալատին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ «Պաապտայի յայտարարութեան» մշակումը սկսած է 25 յունիս 2012-ին տեղի ունեցած Ազգային երկխօսութեան նիստին թուականէն, երբ նիստին մասնակիցները հաստատեցին, որ իրենք յանձնառու կը մնան «Պաապտայի յայտարարութեան» յատկապէս այն կէտերուն, որոնք կը վերաբերին երկրին մէջ ապահովական, քաղաքական, տեղեկատուական, բանակին օժանդակութեան եւ Լիբանանը շրջանային ու միջազգային տագնապներէն չէզոք պահելու կացուցելու կէտին:

Այս կէտը նշուեցաւ նաեւ 16 օգոստոս 2012-ի եւ 20 սեպտեմբեր 2012-ի Ազգային երկխօսութեան նիստերէն բխած հաղորդագրութիւններուն մէջ:

«Այդ հաղորդագրութիւններուն մէջ նշուած են նաեւ հանրապետութեան նախագահին կատարած յայտարարութիւնները, թէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը եւ Եւրոպական խորհրդարանը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի բարեկամ երկիրները կ՛ողջունեն «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը եւ կ՛առաջարկեն զայն իբրեւ պաշտօնական փաստաթուղթ որդեգրել: Աւելի՛ն. նախագահ Սլէյման երկու հաղորդագրութիւններուն պարագային ալ կոչ ուղղած է բոլորին յանձնառու մնալու «Պաապտայի յայտարարութեան» բոլոր բանաձեւերուն, յատկապէս` թիւ 12 եւ թիւ 13 բանաձեւերուն, պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը», նշեց Եհիա:

Հանրապետութեան նախագահութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ եզրակացուց, որ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը կարեւոր փաստաթուղթ մըն է, որ ուղղակիօրէն կապուած է Ազգային երկխօսութեան նիստին եւ ՄԱԿ-ի ու Արաբական լիկայի կողմէ պաշտօնապէս որդեգրուելու կողքին կրնայ ներկայանալ իբրեւ քաղաքական ամբողջական շրջագիծ մը, որուն շուրջ կրնան համախմբուիլ բոլոր այն անկեղծ ջանքերը, որոնք ի գործ կը դրուին Լիբանանի միասնականութեան եւ գերիշխանութեան պահպանումին նպատակով:

Եհիա շեշտեց, որ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը կը հարթէ Ազգային պաշտպանութեան ամբողջական ռազմավարութիւն մը մշակելու ճամբան, ինչպէս նաեւ առիթ կ՛ընձեռէ օգտուելու Լիբանանի կարողութիւններէն եւ գծելու ուղի  մը, որուն շնորհիւ կարելի է երկիրը պաշտպանել եւ թշնամի Իսրայէլի ախորժակներուն դէմ պայքարիլ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )