ԼԻՊԻՈՅ ՇՈՒՐՋ ԿԱՊԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐՈՒՆ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՄԵԾ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ
Լիպիոյ շուրջ կապի միջազգային յանձնախումբը երէկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած իր խորհրդաժողովին աւարտին յայտնեց, որ զօրավիգ կը կանգնի լիպիացի ժողովուրդին, որուն ներկայացուցիչը Ազգային փոխանցման խորհուրդն է:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլա պըն Զայետ խորհրդաժողովի աւարտին յայտնեց, որ «մենք Լիպիոյ մնացեալ բարեկամներուն հետ միասնաբար կ՛աշխատինք լիպիացի ժողովուրդին համար աւելի լաւ ապագայի մը սիրոյն, եւ կը յուսանք, որ լիպիացի ժողովուրդը կրնայ համախմբուիլ ու կարելի եղածին չափ շուտ միասնաբար գործել պատրաստելու համար Քազզաֆիին յաջորդող հանգրուանը»:
Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանքօ Ֆրաթինի յայտարարեց, որ Լիպիոյ մէջ Քազզաֆիին յաջորդող հանգրուանը իսկապէս սկսած է, իսկ իր պետութիւնը 3-էն 4 միլիոն եւրօ կը տրամադրէ ըմբոստներուն:
Ժողովին մասնակցեցան 40 պետութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին` կապի յանձնախումբի անդամ 20 պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները:
Թուրքիա խոստացաւ Լիպիոյ ըմբոստներու օժանդակութեան 100 միլիոն տոլարի հիմնադրամ մը հիմնել:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Վեճտի Կէօնիւլ երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիա պատրաստ է Լիպիոյ մէջ զինուորական գործողութեանց իր մասնակցութեան հարցը քննարկելու, եթէ այդ ուղղութեամբ առաջարկ մը ստանայ:
Նշենք, որ խորհրդաժողովին ընթացքին որոշուեցաւ Լիպիոյ շուրջ միջազգային կապի յանձնախումբի յաջորդ ժողովը գումարել Թուրքիոյ մէջ: