ԱՆՏՈՐԱ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ՔՈՍՈՎՈՅԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ
Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Անտորան ճանչցած է Քոսովոյի անկախութիւնը: Քոսովօ Սերպիայէն իր անկախութիւնը հռչակած էր 2008-ին:
Քոսովոյի արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, ճանաչման մասին պաշտօնական ծանուցում ուղարկուած է Պրիւքսելի մէջ Քոսովոյի Հանրապետութեան դեսպանատուն:
Քոսովոյի անկախութիւնը ճանչցած 75 երկիրներուն շարքին են Միացեալ Նահանգները, Ճափոնը եւ Եւրոպական Միութեան շարք մը երկիրներ: Քոսովոյի խորհրդարանը 17 փետրուար 2008-ին որդեգրեց Սերպիայէն անկախանալու հռչակագիրը:
2010-ին ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանը հաստատեց, որ Քոսովոյ անկախանալուն ժամանակ միջազգային օրէնսդրութեան խախտումներ չեն արձանագրուած:
CATEGORIES Միջազգային