«ՀԱՅԵՐԸ ԻՐԵՆՔ ԶԻՐԵՆՔ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԼԻԱՐԺԷՔ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐ ՊԷՏՔ Է ԶԳԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան վրացական պատկերասփիւռի կայաններէն մէկուն տրուած հարցազրոյցին ընթացքին` պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, որ ռուս քաղաքական գործիչները չեն թաքցներ, որ եթէ վրացիները իրենք զիրենք լաւ չպահեն, ապա անոնք Սամցխէ-Ջաւախքը պիտի օգտագործեն իբրեւ տագնապի օճախ, յայտնեց, որ հայերուն համար ամբողջ աշխարհին մէջ, ինչպէս նաեւ Ջաւախքի մէջ, ամէնէն կարեւորը քաղաքացիական իրաւունքն է:
Ըստ Վահան Յովհաննիսեանի, Հայաստանը Վրաստանի հետ անջատողականութեան խնդիրներ չունի: Սակայն կան այլ հարցեր, ինչպէս` հայկական եկեղեցիներու փակումը, շրջանային լեզուի խնդիրը:
«Մենք կ՛ուզենք, որ հայերը իրենք զիրենք Վրաստանի լիարժէք քաղաքացիներ զգան: Իւրաքանչիւր մարդ ունի ազգային արժանապատուութիւն եւ կարելի չէ ատոր վրայով անցնիլ», շեշտեց Վահան Յովհաննիսեան:


