«ՈՉ ՈՔ ԿՐՆԱՅ ԱՌԱՆՑ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԿԱՄՔԻ ՈՐԵՒԷ ՔԱՅԼԻ ՁԵՌՆԱՐԿԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ԴԱՒԻԹ ԻՇԽԱՆԵԱՆ

Դաւիթ Իշխանեան

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան հայրենի «Երկիր» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն` Քազանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումը բեկումնային իրադարձութիւններու հանգուցակէտ չի կրնար ըլլալ, անոր նախանշանները չկան եւ արդէն զարգացող իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, որ կը շարունակուի «բանակցութիւններ` բանակցութիւններու սիրոյն» հոլովոյթը:

Ըստ անոր, մտահոգիչ է այն փաստը, որ սեղանին վրայ դրուած փաստաթուղթը մատրիտեան սկզբունքներն են` վտանգաւոր տարրերով: Իսկ Տովիլի եւ նմանատիպ յայտարարութիւններու նպատակը սթաթիւս քոն պահելն է, ինչ որ կարծես ձեռնտու է կողմերուն եւ համանախագահող երկիրներուն:

Ըստ Դաւիթ Իշխանեանի, ոչ ոք կրնայ «որեւէ քայլի ձեռնարկել առանց հայ ժողովուրդի ընդհանուր կամքին»: Ըստ անոր, հայկական դիւանագիտութիւնը երբեմն կը ցուցադրէ պարտուողական տրամադրութիւններ, միջազգային հանրութեան կամ գերպետութիւններու որոշումներուն «զոհ երթալու» միտումներ, սակայն «ասիկա այն դէպքը չէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կամ նախագահը դիւրութեամբ զոհ երթան քաղաքական խարդախութիւններու»:

Share this Article
CATEGORIES