«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՍԿՍԻԼ Չ՛ՈՒԶԵՐ» Կ՛ԸՍԷ ԱԶԻՄՈՎ
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ազրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմի սկսիլ չ՛ուզեր, միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ Քազանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումէն բեկում չ՛ակնկալեր:
Ան նշած է, որ Ազրպէյճան իր բանակը չի զիներ Հայաստանի դէմ պատերազմի համար: «Մենք շահագրգռուած չենք պատերազմով: Որովհետեւ տակաւին մենք դիւանագիտական կարելիութիւններ կը տեսնենք, ինչո՞ւ պէտք է մտածենք պատերազմի մասին», ըսած է Ազիմով եւ աւելցուցած. «Ո՞վ ըսած է, որ Ազրպէյճան պէտք է թոյլ բանակ ունենայ: Լաւ բանակ ունենալը լաւ է եւ աւելի լաւ է ատիկա չօգտագործելը: Ատիկա մեր նախընտրած սկզբունքն է», ըսած է ան:
Անդրադառնալով Քազանի մէջ տեղի ունենալիք Սարգսեան-Մետվետեւ-Ալիեւ եռակողմ հանդիպումին` Ազիմով ըսած է, որ ինք մեծ ակնկալիքներ չունի:
«Ես լաւատեսական կարծիք չունիմ այդ բոլոր բաներուն առնչութեամբ, որոնք կրնան տեղի ունենալ Քազանի մէջ: Ես հիմնարար սկզբունքներու վերաբերեալ համաձայնագիր չեմ ակնկալեր, սակայն կ՛ակնկալեմ, որ աւելի շատ յստակութիւն մտցուի կարեւորագոյն հարցերուն շուրջ», ըսած է Ազիմով:
«Ազրպէյճան պատրաստ է ճկունութիւն ցուցաբերելու: Այն ինչ որ մենք կը փափաքինք, յստակ է, եւ մենք դուրս չենք գար միջազգային իրաւունքի արժէչափերու շրջանակէն, սակայն միեւնոյն ժամանակ, մենք չենք կրնար համաձայնիլ աւելի քիչին», նշեց ան: