«ՆԱՊՈՒՔՕ» ԾՐԱԳԻՐԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑԻՆ
«Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ «Նապուքօ» ծրագիրի հովանաւոր ընկերութիւնները չորեքշաբթի օր Կեսարիոյ մէջ համաձայնութիւն մը ստորագրած են: Կազատարի շինութիւնը պիտի սկսի 2013-ին եւ պիտի արժէ շուրջ 12 միլիառ եւրօ: Հովանաւոր ընկերութիւնները համաձայնագիր ստորագրած են, սակայն շինութեան ձեռնարկելու համար պայման է, որ ծրագիրին օժանդակեն այն երկիրները, որոնք «Նապուքօ»ին բնական կազ պիտի մատակարարեն:
Կասպից ծովու եւ կովկասեան շրջանի բնական կազը «Նապուքօ» կազատարին միջոցով Թուրքիոյ ճամբով պիտի մատակարարուի դէպի Պուլկարիա, Ռումանիա, Հունգարիա եւ Աւստրիա:
Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ ըսած է, որ համաձայնութիւնը արդէն ստորագրուած է եւ հիմա կազ մատակարարող երկիրներն են, որոնք գործի պէտք է լծուին. այդ երկիրներն են Ազրպէյճանը, Թիւրքմենիստանը, Իրաքը, Ռուսիան, եւ եթէ միջազգային հանրութիւնը ընդունի` Իրանը:
Եթէ հոլովոյթը յաջող ընթացք մը ունենայ, կը նախատեսուի, որ 2017-ին կարելի ըլլայ բնական կազ առաքել դէպի Եւրոպա: