ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԵՏ

Նախագահ Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց շրջանային այցելութեամբ Երեւան ժամանած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէն (Ֆրանսա), Ռոպըրթ Պրատքէն (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփովը (Ռուսիա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:

Զրուցակիցները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին վերաբերեալ հարցեր, ինչպէս նաեւ յունիսի աւարտին Քազանի մէջ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն եռակողմանի հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքները:

Համանախագահները նախագահ Սերժ Սարգսեանին պատմեցին Պաքուի եւ Ստեփանակերտի մէջ իրենց ունեցած հանդիպումներուն մասին:

Նոյն օրը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին անձնական ներկայացուցիչը:

Զրոյցին ընթացքին համանախագահները նախարարին ներկայացուցին Պաքուի եւ Ստեփանակերտի մէջ իրենց ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները` յոյս յայտնելով, որ Քազանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին յառաջընթաց արձանագրուի ղարաբաղեան տագնապի լուծման հիմնական սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութեան հարցին մէջ:

Նախարար Նալբանդեան ընդգծեց, որ Հայաստան յստակ պատասխան տուած է եռանախագահներուն կողմէ ներկայացուած հիմնարար սկզբունքներու վերջին տարբերակին, եւ եթէ Ազրպէյճան պատրաստ ըլլայ իր միանշանակ համաձայնութիւնը տալու, ապա կարելի պիտի ըլլայ ակնկալուող յառաջընթացը արձանագրել լուծման հոլովոյթին մէջ:

Էդուարդ Նալբանդեան հարց տուաւ. «Արդեօք Ազրպէյճանի պաշտօնեաներու` նոյնիսկ Տովիլէն ետք բանակցային հոլովոյթին էութիւնը աղաւաղող կամ յօրինուած մանրամասնութիւններ ներկայացնող յայտարարութիւնները` խաղաղապահ ուժերու կամ այլ հարցերու մասին, կը վկայե՞ն առաջարկներուն առանց փոփոխութիւններու եւ լրացումներու համաձայնութիւն տալու Պաքուի պատրաստակամութեան մասին, որուն վերաբերեալ կոչ ուղղած էին համանախագահները»:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Քազանի մէջ տեղի ունենալիք եռակողմանի հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքները:

ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

ԵԱՀկ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները երէկ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն կոչ ուղղած են «ձեռնպահ մնալու գրգռիչ գործողութիւններէն եւ յայտարարութիւններէն, որոնք կրնան վնասել բանակցային հոլովոյթին այս վճռորոշ պահուն»:

ԵԱՀԿ-ի կայքէջին մէջ զետեղուած հաղորդագրութեան համաձայն, Մինսքի խմբակի համանախագահները 6-9 յունիս շրջան կատարած այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցան Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարներուն հետ, քննարկեցին կողմերուն քայլերը, որոնք անհրաժեշտ են տագնապի խաղաղ լուծման հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ աշխատանքը աւարտին հասցնելու եւ անոնց վերաբերեալ իրենց աջակցութիւնը յայտնելու համար, ինչպէս կոչ կ՛ուղղուէր նախագահներ Մետվետեւի, Օպամայի եւ Սարքոզիի կողմէ Ֆրանսայի Տովիլ քաղաքին մէջ 26 մայիսին ընդունուած յայտարարութեան մէջ:

Համանախագահները նշեցին, որ 7 յունիսին իրենք ազրպէյճանական կողմէն Աղտամի շրջանին մէջ քալելով անցած են շփման գիծը, ինչ որ վերջին 10 ամիսներուն ընթացքին կը կատարուի երրորդ անգամ ըլլալով: Նախորդ 16 տարիներուն ընթացքին նաեւ նոյնքան հատուած է շփման գիծը` անով իսկ ապացուցելով, որ կողմերը կրնան համագործակցիլ եւ լիարժէքօրէն իրագործել 1994-ի զինադադարի պայմանները:

«Այս առնչութեամբ համանախագահները կողմերուն կոչ ուղղեցին ձեռնպահ մնալու գրգռիչ գործողութիւններէն եւ յայտարարութիւններէն, որոնք կրնան վնասել բանակցային հոլովոյթին այս վճռորոշ պահուն», եզրափակեցին միջնորդները:

 

Share this Article
CATEGORIES