ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը պիտի ըլլայ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի բաժինին մէջ: Նոյն աղբիւրները աւելցուցին, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը պիտի շարունակէ գործել նախարար Ժըպրան Պասիլի ղեկավարութեամբ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վեցերորդ մարոնի նախարարին անուան հարցը լուծուած է:
ՀԱՒԱՍՏԻ աղբիւրներու համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հանդիպում մը ունեցած է Ֆայսալ Քարամէի հետ եւ անոր յայտնած է, որ ինք յանձնառու է, որ Ֆայսալ Քարամէ յաջորդ կառավարութեան մէջ ներկայացուի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու գործավար նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան ծիրին մէջ իրենք հասած են անունները ճշդելու հանգրուանին` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահը կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին նկատմամբ դրական մօտեցում ունի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալեն Աուն կը նախատեսէ, որ կառավարութիւնը կազմուի նախքան խորհրդարանի յաջորդ օրէնսդրական նիստը:
ՊԵՏԱԿԱՆ գործավար նախարար Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն մաղթեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով տիրող դրական մթնոլորտը գործնական գետնի վրայ թարգմանուի:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայիս յայտնեց, որ խորհրդարանին մէջ երեսփոխան Ժոմպլաթի ներկայութիւնը կը շեշտէ Լիբանանին սահմանադրական կեանքը վերադարձնելու կարեւորութիւնը:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ գործավար նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ զօր. Միշել Աունի միջեւ սառցահալի առաջնորդող հանդիպումը եղած է արդիւնաւէտ` աւելցնելով, որ քաղաքական բոլոր կողմերը իրապաշտ են կառավարութեան կազմութեան առումով:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի այցելուները յայտնած են, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքները կարելի եղած է շրջանցել:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շատ հանգիստ է կառավարութեան կազմութեան առումով եւ հեռաձայնային երկար հաղորդակցութիւն մը ունեցած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ գործավար նախարար Մոհամետ Խալիֆէ` հանդիպելէ ետք հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի, յայտնեց, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը պէտք է իր իրաւասութիւնները կիրարկէ մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Չինաստանի հետ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ խորհրդարանական նիստ մը գումարելու հրաւէրը արդիւնաւէտ էր եւ դրական` բառին բուն իմաստով:
ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Համտան կոչ ուղղեց կազմելու դիմակայութեան կառավարութիւն մը, որ քայլ պահէ բոլոր զարգացումներուն հետ` ըլլան անոնք ազգային թէ արաբական աշխարհի վերաբերող զարգացումներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Ապտալլա Ապտալլա շեշտեց, որ պաղեստինցիին համար տունդարձի իրաւունքը սուրբ է եւ իբրեւ այդպիսին ոչ մէկ պաղեստինցի կը զիջի իր այդ իրաւունքէն կամ անոր շուրջ սակարկութիւն կը կատարէ:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ երէկ միութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Մքալլեսի եւ անոր մօտակայ շրջաններուն մէջ գործող ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նորընտիր վարչութիւնը` նախագահութեամբ Մանսուր Մաշաալանիի: Աշխատանքային հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանին կարիքները եւ գործադրուելիք բարգաւաճման ծրագիրները: