ՊԱՀՐԷՅՆ-ՊԷՅՐՈՒԹ ԹՌԻՉՔՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐՍԿՍԻՆ
Պահրէյնի օդանաւային ընկերութեան տնօրէն Սիւզան Ռեճեփեան երէկ յայտնեց, որ Պահրէյնի օդանաւային ընկերութիւնը դէպի Պէյրութ իր թռիչքները պիտի վերսկսի յառաջիկայ 22 յունիսէն սկսեալ` շաբաթական հինգ թռիչքներու դրութեամբ:
Ռեճեփեան ընդգծեց երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ երկկողմանի զբօսաշրջական եւ առեւտրական յարաբերութիւնները պէտք է վերադարձնել իրենց նախկին աշխուժ թափին:
Նշենք, որ անցեալ 22 մարտէն ի վեր Պահրէյն-Պէյրութ թռիչքները կասեցուած են Պահրէյնի կողմէ` վերջինիս մէջ բռնկած ժողովրդային ըմբոստութեան պատճառով:
CATEGORIES Լիբանանեան

