ՏԷՏԷԵԱՆ. «ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏՆՕՐԻՆՈՒՄԸ ԿԸ ՆՊԱՍՏԷ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՈՐԱԿԻՆ ԲԱՐԵԼԱՒՄԱՆ»

Նախարար Տէտէեան վկայագիր կը յանձնէ վարժողական ծրագիրի մասնակիցի մը

Ճարտարարուեստի գործավար նախարար Աբրահամ Տէտէեան երէկ ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանեան չափանիշներու եւ յատկանիշներու պահպանման հաստատութեան (Լիպնոր) կազմակերպած տեղեկութիւններու ապահովութեան դրութիւններու տնօրինման վարժողական ծրագիրին հետեւած մասնակիցներուն վկայագիրներու բաշխման ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ «Քրաուն Փլազա» պանդոկին մէջ:

Իր արտասանած խօսքին մէջ Տէտէեան շեշտեց տեղեկութիւններու ապահովութեան դրութիւնները պահպանելու ու արդիականացնելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ այդ իրականութիւնը կ՛երաշխաւորէ լիբանանեան արտադրութիւններուն որակին բարելաւումը, ինչպէս նաեւ կը քաջալերէ լիբանանեան արտադրութիւններու արտածումին առիթները:

Տէտէեան յայտնեց, որ այդ դրութիւնը առիթ կու տայ լիբանանեան արտադրութիւններուն միջազգային չափանիշ տալու եւ երկրին ճարտարարուեստը զարգացնելու:

Share this Article
CATEGORIES