ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին` ընկերակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան պատասխանատու զօր. Ճոզըֆ Ռենքի եւ այլ զինուորականներու:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանցի սպաներուն տրուելիք առիթը` յաճախելու ամերիկեան զինուորական դպրոցներ:
Քահուաժիի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆ եւ Ժիպէյլի քաղաքապետութեանց համադաշնակցութեան նախագահ Ֆատի Մարթինոս:
CATEGORIES Լիբանանեան