ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

«ԱԽՊԱՐ»

– Անդրադարձ` Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած խռովութիւններուն պատճառով Թուրքիա ուղղուած գաղթականներու հոսքին, ինչպէս նաեւ այն հաստատումներուն, որ Թուրքիա իր դռները բաց պիտի պահէ սուրիացի գաղթականներուն դիմաց:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Շարք» եւ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթերը)

– Վերլուծական յօդուած` Թուրքիոյ սահմանադրութիւնը բարեփոխումի ենթարկելու առումով գոյացած թրքական համախոհութեան մասին:

«ՔԻՖԱՀ ԱՐԱՊԻ»

– Ակնարկ, որ կը կրէ «Էրտողան Գ.» խորագիրը: Ակնարկը կ՛անդրադառնայ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի արձանագրելիք յաղթանակին եւ անոր ջանքերով իրականացուելիք Նոր Թուրքիոյ երազին, որ Նոր Միջին Արեւելքին մէջ պիտի վերահաստատէ Պոլսոյ փառքը:

«ՆԱՀԱՐ»

– Գովաբանական յօդուած` սուրիահայ երգչուհի Լենա Շեմեմեանի ելոյթին մասին:

– Անդրադարձ` Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Իսրայէլի միջեւ տագնապին եւ Էրտողանի համար այդ տագնապին ունեցած օգտակարութեան: Օգտակարութիւն` կիրակի օրուան ընտրութիւններուն մեծ թիւով թեր քուէներ ապահովելու իմաստով:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Տիար», «Մուսթաքպալ» եւ «Պայրաք» օրաթերթերը)

– Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած սուրիական ընդդիմութեան խորհրդաժողովին մասին յօդուած:

«ՏԻԱՐ»

– Անդրադարձ` Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին ուղղուած կոչին` վերջ տալու բռնարարքներուն եւ իրականացնելու բարեկարգումները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES