ԱՅՆ ԹԻՆԷԻ ՄԷՋ ՊԸՐՐԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԻՐԱՔՑԻ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԱԿԻՑԻՆ ՀԵՏ

Պըրրի եւ Նաժիֆի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Իրաքի խորհրդարանի նախագահ Ուսամա Ապտել Ազիզ Նաժիֆին, որուն հետ քննարկեց երկու խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութիւնը եւ զայն բարելաւելու հեռանկարները:

Պըրրիի եւ Նաժիֆիի միջեւ դռնփակ հանդիպումէն բացի, տեղի ունեցաւ նաեւ ընդարձակ հանդիպում մը, որուն մաս կազմեց իրաքեան խորհրդարանական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին 16 իրաքցի երեսփոխաններ, իսկ լիբանանեան խորհրդարանին կողմէ մաս կազմեցին արտաքին հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյն, մարդկային իրաւանց խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Միշել Մուսա, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իրաքեան բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբի անդամ երեսփոխաններ Մոհամետ Ռաատ, Ռոպեր Ղանեմ, Նուհատ Մաշնուք եւ Ահմետ Քարամէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:

Քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի ներկայ կացութիւնը եւ արաբական աշխարհին մէջ տիրող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին աւարտին Պըրրի ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ իրաքեան պատուիրակութեան:

Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անճելինա Էխորսթ. հանդիպման ներկայ էր Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Թալալ Սահիլի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի եւ շրջանի իրավիճակը:

Նշենք, որ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց օրէնսդրական նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ չորեքշաբթի, 15 յունիս 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

 

Share this Article
CATEGORIES