ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴԳԾԵՑ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ` ԸՆԴԴԷՄ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒՆ

Նախագահ Սլէյման կը դիմաւորէ Իրաքի խորհրդարանի նախագահը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Իրաքի խորհրդարանի նախագահ Ուսամա Ապտել Ազիզ Նաժիֆին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, լիբանանեան-իրաքեան յարաբերութիւնները, արաբական աշխարհը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ արաբական գոյութեան սպառնացող մարտահրաւէրներուն եւ վտանգներուն դիմաց արաբական զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Սլէյման ողջունեց Նաժիֆիի ընկերակցող իրաքեան խորհրդարանական պատուիրակութիւնը` շեշտելով Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ հեզասահ յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ արաբական աշխարհին մէջ պէտք է ամրապնդել համագործակցութիւնը` դիմագրաւելու համար բոլոր վտանգներն ու մարտահրաւէրները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ առեւտուրի եւ տնտեսութեան գործավար նախարար Մոհամետ Սաֆատի, որ նախագահին հետ քննարկեց իր նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Ամին Ուեհպէ, նախկին երեսփոխան Միխայէլ Տահեր, ինչպէս նաեւ մարոնի միաբանութեան նախագահ հայր Թաննուս Նաամէ, որմէ ստացաւ հրաւէր մը ներկայ գտնուելու Մար Շարպելի սրբավայրին մէջ յառաջիկայ 17 յուլիսին մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին նախագահութեամբ` մատուցուելիք Ս. պատարագին:

Share this Article
CATEGORIES