ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՍԱՏ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ԺՈՄՊԼԱԹԸ
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ Դամասկոսի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը` ներկայութեամբ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու գործավար նախարար Ղազի Արիտիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան սուրիական եւ լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Ըստ ՍԱՆԱ սուրիական պետական լրատու գործակալութեան, նախագահ Ասատ հանդիպումին ընթացքին մաղթած է, որ լիբանանցիները շրջանցեն իրենց միջեւ տիրող քաղաքական տարակարծութիւնները եւ մօտիկ ապագային կազմեն կառավարութիւնը` ապահովելու համար Լիբանանի եւ լիբանանցիին գերագոյն շահերը:
ՍԱՆԱ-ի համաձայն, քննարկուեցան նաեւ Սուրիոյ դիմագրաւած վտանգաւոր հարցերը` նկատի ունենալով Սուրիոյ մէջ արմատական զինեալ խմբաւորումներուն գործած սպանդներն ու բռնարարքները, որոնք թիրախ կը դարձնեն Սուրիոյ եւ սուրիացի ժողովուրդին ապահովութիւնը:
Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ ինք վստահ է, որ Սուրիա պիտի կարենայ շրջանցել այս դժուար հանգրուանը:
Երեկոյեան Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ նախագահ Ասատի հետ իր հանդիպումին ընթացքին Ժոմպլաթ շեշտած է Սուրիոյ կայունութեան կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի կայունութիւնը իրարմէ կախեալ են, ինչպէս նշուած է Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ:
Ժոմպլաթ ընդգծած է նաեւ Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութեան կարեւորութիւնը` Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանման նպատակով:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Ժոմպլաթ յոյս յայտնած է, որ Սուրիա շրջանցէ իր դիմագրաւած ներկայ տագնապալի հանգրուանը` իրագործելով նախագահ Ասատի վաւերացուցած բարեկարգումները, ամրապնդելով իր ազգային միասնականութիւնը եւ դիմադրողականութիւնը, մերժելով սուրիական ներքին հարցերուն մէջ որեւէ արտաքին միջամտութիւն:
Հաղորդագրութեան աւարտին նշուեցաւ, որ Ժոմպլաթ եւ Արիտի երեկոյեան վերադարձած են Պէյրութ: