Հունգարիա Իր Թեկնածութիւնը Առաջադրեց Եուրօ-2020-ին Համար
Հունգարիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը, երկրին կառավարութեան հետ համագործակցաբար, իր թեկնածութիւնը առաջադրեց հիւրընկալելու համար Եուրօ-2020-ի ֆութպոլի մրցաշարքը, յայտնեց ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը` իր լուրը քաղելով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին պաշտօնական կայքէջէն:
Յայտարարուեցաւ, որ ֆետերասիոնն ու հունգարացի առեւտրական Շանտոր Զանի միասնաբար այս թեկնածութիւնը ներկայացուցած են «Եու. Է. Էֆ. Ա.»ին:
Կը նախատեսուի, որ ԵՈՒՐՕ-2020-ի աւարտական հանգրուանի մրցումները տեղի ունենան եւրոպական տարբեր երկիրներու 13 քաղաքներու մէջ, կ՛եզրափակէ հայկական աղբիւրը:
CATEGORIES Մարզական

