2014-ի Մոնտիալ. Ցարդ 10 Խումբեր Ապահոված Են Պրազիլի Իրենց Տոմսերը
Նախորդ քանի մը օրերուն, 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ընթացքին արձանագրուած արդիւնքներուն լոյսին տակ, ցարդ 10 խումբեր ապահոված են Պրազիլի իրենց տոմսերը:
Հարաւային Ամերիկայի գօտիէն Պրազիլէն բացի (իբրեւ հիւրընկալ երկիրը) իր տոմսը ապահոված է Արժանթին:
Ասիոյ ցամաքամասէն իրենց տոմսերը ապահովեցին Ճափոն, Աւստրալիա, Իրան եւ Հարաւային Քորէա:
Եւրոպայէն` Հոլանտա եւ Իտալիա:
Վերջապէս, «ՔՈՆՔԱՔԱՖ»-էն` Միացեալ Նահանգներ եւ Քոսթա Ռիքա:
CATEGORIES Մարզական

