2014-ի Մոնտիալին Իրենց Արձանագրած Ձախող Արդիւնքներուն Պատճառով. Երեք Մարզիչներ Հրաժարեցան
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, երէկ հրապարակած իր մէկ լուրին մէջ անդրադարձաւ երեք մարզիչներու տուած հրաժարականին` ի տես 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին իրենց կազմերուն արձանագրած ձախող արդիւնքներուն:
Չեխիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Միշալ Պիլեք ներկայացուց իր հրաժարականը, երբ անոր կազմը 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Իտալիայէն: Չեխիա նոյն արդիւնքով պարտուած էր նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականէն:
Չեխիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ անոր ժամանակաւոր յաջորդ մը պիտի նշանակէ շուտով` 2014-ի մոնտիալի զտումի վերջին երկու մրցումներուն համար:
Իր հրաժարականը ներկայացուց նաեւ Իրլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի 74 տարեկան իտալացի մարզիչ Ճիովաննի Թրափաթթոնի` Շուէտէն եւ Աւստրիայէն պարտութիւններ կրելէ ետք:
Թէեւ յաջորդ մարզիչին մասին շարք մը անուններ կը յայտարարուին մամուլին կողմէ, սակայն Իրլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ ցարդ ոչինչ կը յայտարարուի:
Հրաժարողներուն կարգին եղաւ նաեւ Թունուզի մարզիչ Նեպիլ Մաալուլ, երբ անոր կազմը իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Քէյփ Վերտէ կղզիներէն:
Թունուզ հաւասարութեան մը միայն պէտք ունէր Ափրիկէի գօտիին մէջ (Բ. խմբակ) 2014-ի մոնտիալի տոմս մը ապահովելու փլէյ-օֆի մրցումներուն մասնակցելու համար:




