Պէյլ Սկսաւ Իր Փորձերուն` Ռէալ Մատրիտի Իր Նոր Խմբակիցներուն Հետ

Կալեսցի յառաջապահ Կերըթ Պէյլ, որ նախորդ շաբաթ Ռէալ Մատրիտ իր փոխանցումով աշխարհի նոր մրցանիշ մը հաստատեց` 100 միլիոն եւրոյի գումարով, սկսաւ իր փորձերուն` իր նոր խմբակիցներուն հետ:

Ռէալ Մատրիտ, որ այս շաբաթավերջին պիտի մրցի Վիարէալի դէմ, շատ հաւանաբար դաշտ ներկայանայ իր նոր մարզիկին` Պէյլի հետ:

Սպանական կարգ մը օրաթերթեր երէկ հրապարակեցին ՊԷյլի լուսանկարը, որ կը բարեւէր փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին:

Նշենք, որ անոնք երկուքն ալ, ինչպէս նաեւ ուրիշներ, նախանցեալ օր վերադարձան եւ «Սանթիակօ Պեռնապէօ»-ի մէջ սկսան իրենց փորձերուն` միջազգային իրենց պարտաւորութիւնները կատարելէ ետք, իրենց երկրին ֆութպոլի ազգային խումբերուն հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES