Հայկ Գալստեանի Աթլեթիքօ Մատրիտ Տեղափոխութիւնը Կը Ձգձգուի
Կ՛ակնկալուէր, որ Միքա Երեւանի ֆութպոլիստ Հայկ Գալստեան նախորդ օգոստոսին տեղափոխուի Աթլեթիքօ Մատրիտի պատանիներու խումբ:
Անդրադառնալով այս տեղափոխութեան` Միքայի մամլոյ քարտուղար Աշոտ Մարտիրոսեան, NEWS.amSport-ին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ.
«Անոր տեղափոխութեամբ կը զբաղին ակումբին պատասխանատուներն ու անոր հայրը: Սկզբունքով ան 15 օգոստոսին պէտք էր Աթլեթիքօ կանչուէր, սակայն սպանական ակումբէն լուր եկաւ, որ քիչ մը պէտք է սպասենք` առանց պատճառի, նկատի ունենալով, որ Գալստեան անչափահաս է, փաստաթուղթերու հարցը այդքան ալ դիւրին չէ լուծելը եւ անոր պէտք է ընկերակցի հայրը: Կը սպասենք լուրի մը` անոնց կողմէ»:
Նշենք, որ նախորդ յունիսին Աթլեթիքոյի հետ փորձառական շրջան մը անցուցած Գալստեան մինչեւ 2014 պայմանագիր մը ունի կնքուած Միքային հետ:
CATEGORIES Մարզական


