Ճատրակ. Արոնեան – Քամսքի` 0,5-0,5
Սենթ Լուիսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցող «Սինքֆիլտ»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, 3-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց Կաթա Քամսքիի հետ (Միացեալ Նահանգներ)` 43-րդ շարժումին:
Հաւասարութեամբ աւարտեցաւ նաեւ Մակնիւս Քարլսըն – Հիքարու Նաքամուրա հանդիպումը:
Արոնեան, որ այժմ ունի մէկ կէտ, վաղը ճերմակ քարերով պիտի մրցի Նաքամուրայի դէմ:
Սեւանայ Լիճի Մրցաշարք
Ինչ կը վերաբերի Մարտունիի մէջ տեղի ունեցող Սեւանայ լիճի միջազգային մրցաշարքին, 4-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 3-ական կէտով 1-3 դիրքը կը բաժնեն Կարէն Գրիգորեան, Արման Փաշիկեան եւ Եուրի Քուզուպով:
Այս հանգրուանին Կարէն Գրիգորեան յաղթանակ արձանագրեց, Զաւէն Անդրէասեան` հաւասարութիւն, մինչ Արման Փաշիկեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Աւետիք Գրիգորեան պարտութիւն կրեցին:

