«Ի Խորոց Սրտի Խօսք Ընդ»…

… Մեր մեծ եղբօր`
Լեւոն Անանեանի ընտանիքին
եւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամներուն

Սիրելի՛ հարազատներ,

Հայաստանն ու հայութիւնը իր արեան իւրաքանչիւր կաթիլին եւ սրտի մէն մի տրոփին մէջ խտացուցած վաւերական հայուն, գլխագիր մարդուն, վաստակաշատ գրագէտին եւ համակ կիրք ու ապրում գրական գործիչին` անզուգական Լեւոն Անանեանի վաղաժամ կորուստը խորապէս ցնցեց մեզ: Չենք ուզեր գործածել «մահ» բառը, որովհետեւ ճիշդ չէ, արդար չէ յաւերժի ուղեւորներուն մեկնումը մեր աշխարհէն բնորոշել այս անիծեալ բառով:

Լեւոն Անանեան մէկն էր մեր ապամշակութային ցուրտ ժամանակը իր բացառիկ ներկայութեամբ, ճառագայթուն անհատականութեամբ, Արարատ հաւատքով եւ հմայիչ շունչով ու հունչով վարակած, կնքած ու գեղեցկացուցած բոլորին բարեկամ ու եղբայր խոնարհ, ծառայասէր, կենսուրախ եւ անհունօրէն սիրելի ազնուարիւն բարի հսկաներէն: Եւ է՛ ու պիտի՛ շարունակէ մնալ իբրեւ այդպիսին մեր յիշողութեան ու սրտին մէջ` իր եղբայրական սիրավառ ծիծաղով, լայնաբաց սրտով, լուսաժպիտ ներկայութեամբ, անանձնական երջանկութեամբ ու պայծառ երազներով` որպէս բացարձակ ժամանակի ոգին ու խորհուրդները որսացած վաւերական մտաւորական եւ մեր սրտերն ու օրերը իր ազնուական տեսակին ոսկի գութանով հերկած հոգիի եւ մտքի նոյնքան լիիրաւ սերմնացան մը:

Կեանքի եւ յաւերժութեան առեղծուածները բազում շնորհներով ի վերուստ օժտեալ հրաշք մանուկի մը իմաստուն հրճուանքով ու խորաթափանց հայեացքով քակած, լուծած եւ իմաստաւորած մեր տաղանդաւոր եղբօր եւ անկրկնելի հայ մարդուն անժամանակ մեկնումը այս անցաւոր աշխարհէն մեծ, մե՜ծ, շա՛տ մեծ կորուստ է ո՛չ միայն հայ ժողովուրդի, այլեւ` գեղեցկութեան, ճշմարտութեան, արդարութեան ու համամարդկային թանկ արժէքներու սիրահար քաղաքակիրթ ողջ մարդկութեան համար:

Լեւոն Անանեան ա՛յս որակի մարդ էր` մարդ բառին ամբողջական եւ ազնուագոյն իմաստով: Մարդկութեան պատիւն ու արժանապատուութիւնը միշտ բարձր պահող եզակի ջահակիր մը: Եւ հիմա, իր այնքա՜ն սիրած maestro բառը իրմէ փոխ առնելով` սրտաբեկ ու տխուր ձայնով հարց կու տանք.

– Maestro, ինչո՞ւ այսքան աճապարեցիր: Ի՛նչ իրաւունքով…

Այս տխուր առիթով, մեր խորազգած ցաւակցութիւններով կը բաժնենք անդարմանելի սուգը Անանեան ընտանիքին եւ հայ գրողներուն, այն խոր հաւատքով, որ յաւերժութեան կապոյտ երկինքէն հիմա բարի՜-բարի՜ ժպտացող Լեւոն Անանեան անուն գիսաւոր աստղը միշտ պիտի շարունակէ քալել մեզի եւ բացարձակ ժամանակին հետ` իբրեւ Բանի եւ Կեանքի անշեղ ուղեցոյց ու ճշմարիտ ճշմարտութեանց անմեռ աւանդ:

ԱՏՈՆԻՍ
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

7 սեպտեմբեր 2013,
Իտալիա, Լիբանան

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )