Արտասովոր Անձնաւորութիւն Մը

ԱՊՏՕ ԼԱՊԱՔԻ

Դէպի Լոռի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդավայրէն Սեւանի վրայով Երեւան վերադարձի մեր ճամբու ընթացքին ինծի համար յստակ դարձաւ, թէ ո՞վ է Լեւոն Անանեան եւ ինչո՛ւ համար ինք է Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահը,- արտասովոր անձնաւորութիւն մը, որուն հոգեկան բարձրութիւնն ու իմացական հարստութիւնը կը պարսպեն անմրցելիօրէն սրտամօտ իր համեստութիւնը եւ անմնացորդ նուիրումը հանրային կեանքին, որուն հետ իր մօտ ոչ մէկ այլ հետաքրքրութիւն կրնայ մրցիլ: Ամէնէն էականը եւ կարեւորագոյնը այս մարդուն համար ստեղծագործութեամբ ապահովագրուած գրականութիւնն ու միտքն են, որոնք իր դատողութեամբ ընկերութեան մը լինելութեան ու վերելքին էապատճառները կը հանդիսանան: Զինք շարունակ կը տեսնես անհանդարտ, մնայուն ու անվախճան լարուած աշխուժութեան մը մէջ` ամէնուրեք եւ ամէն ժամ: Երբեք կանգ չունի, վայրէ մը այլ վայր կը շտապէ, հանդիպումէ մը ուրիշ հանդիպումի կը հասնի, ժողովներ կը գումարէ, այցելու պատուիրակութիւններ կ՛ընդունի, հանդիսութիւններու կը մասնակցի եւ ծրագիրներ կը ճշդէ: Ինք եւ իր շուրջի գործընկերները միասնաբար կը կազմեն Հայաստանի գրական կեանքին զսպանակը, որուն առանցքն ու բաբախուն սիրտը ինք է, այս անանձնական նուիրեալը, որուն համար պաշտօններն ու տիտղոսները ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն. անզուգական ջահակիր մը, որուն գոյութենական իմաստը մշակութային ծառայութիւնն է, այսինքն` պանծացումը այն անփոխարինելի մշակութային աւանդին` գրականութեան, բանաստեղծութեան, արուեստին, որոնցմով կը հպարտանայ շարունակ եւ միշտ կը ձգտի անոնց հարստացման ու արդիականացման:

Այն իրողութիւնը, որ Հայաստանի Գրողներու Միութեան գլուխը կը գտնուի Լեւոն Անանեան անուն մարդ մը` կը նշանակէ, թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ օրինակելի պատկերը բոլոր անոնց, որոնք ազգային պատասխանատուութիւն կը ստանձնեն` պատմական բարձրագոյն մակարդակի վրայ:

Ընկերս` Լեւոն, արտօնէ ինծի, որ  քեզ ընկեր կոչեմ, որովհետեւ մեր միջեւ ստեղծուած հոգեկան կապը ծանօթութեան տեւողութեամբ կարելի չէ չափել, որքան ալ կարճ կամ երկար ըլլայ ան: Եւ ներէ ինծի, որ քեզի հարց տամ. «Ո՞ր աստղին գիրկին մէջ ծնար, որպէսզի ընդհանուրէն առանձնաշնորհուիս քեզ բնորոշող ոսկի առաքինութիւններով` մտերիմ մարդասիրութեամբ, առաքինի բնաւորութեամբ, վեհանձն համեստութեամբ, բարոյական շռայլութեամբ, գերազնիւ ներաշխարհով եւ յատկապէս աշխարհիկ արժէքներու հանդէպ այսքան անտարբեր մեծահոգութեամբ:

2012

(Հատուած` «Հայաստան` բանաստեղծութեան եւ ներշնչանքի երկիրը» հատորէն)

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )