Վերջին Ողջագուրումը
ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ
Վերջին անգամ Լեւոն Անանեանը տեսայ մայիսին, Գրողներու Տան իր գրասենեակին մէջ: Ողջագուրուեցանք, բայց չէինք գիտեր, որ վերջինը պիտի ըլլար: Զբաղ էր ու հեւքոտ, ինչպէս միշտ: Խնդրեց, որ վեհափառ հօր մօտ բարեխօսեմ, կաթողիկոսարանի կողմէ լոյս ընծայուելիք իր վերջին գործին
կապակցութեամբ: Կը ծրագրէր օգոստոսին Լիբանան գալ, «Բագին» գրական ամսագրի կազմակերպած համագումարին, եւ այդ առիթով շնորհահանդէսի արժանացնէր իր այդ գործը: Աճապարանք կար կարծէք. գուցէ կը նախատեսէ՞ր: Կ՛ըսեն, մեծերը հեռահաս տեսողութիւն կ՛ունենան միշտ: Խիստ հպարտ էր Գրողներու Միութեան գրատան բացումով, շէնքի մուտքին: Նուիրեցի բանաստեղծութիւններու վերջին հատորս: Հետաքրքրուեցաւ ու քաջալերեց: Հայ գրողին անկեղծ բարեկամն էր, անպաճոյճ ու համեստ:
Վերադարձիս, «Բագին»-ի խմբագրութիւնը ջնջեց համագումարը, սակայն ես կրցայ ապահովել Վեհին խոստումը: Գիրքը լոյս կ՛ընծայուի յետ մահու թէեւ, բայց Լեւոնի աթոռը կը մնայ թափուր: Շնորհահանդէսի վերջին խօսողը պիտի չըլլայ ինք, իր խօսքը կը մնայ թերաւարտ, իր գործը կը մնայ թերաւարտ, բայց իր մշտաբորբոք, ժպտուն ու բարեհամբոյր դէմքը պիտի մնայ քանդակուած իր բարեկամներու հոգիին ու սրտին մէջ:
Մնաս բարով, սիրելի Լեւոն Անանեան, Սփիւռքն ու Հայաստանը իրարու կամարող ոսկեայ կամուրջ:

