Մուսա Լերան Հերոսամարտի 98-ամեակ Այնճար. Մուսա Լերան Տոհմիկ Երեկոյ Եւ Լօխ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի 70-ամեակ

Մուսա լերան հերոսամարտի 98-ամեակի ձեռնարկներու շարքին հինգերորդը  տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր` Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ:

Աւելի քան 1100 հայրենակիցներ ընդառաջած էին ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի հրաւէրին:

Ձեռնարկին ներկայ էր ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը իբրեւ հովանաւոր. ձեռնարկին նախագահութիւնը ստանձնած էր Այնճարի քաղաքապետութիւնը: Ներկայ էին Այնճարի հոգեւոր պետերը, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, միութիւններու եւ համայնքներու ներկայացուցիչներ եւ մեծաթիւ հայրենակիցներ:

Լիբանանեան, հայկական եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի ատենապետ Մատլեն Խօշեան բացումը կատարեց տոհմիկ երեկոյին` ողջունելով բոլոր ներկաները, շնորհաւորելով 70 տարիքը բոլորած բոլոր վաստակաւոր ընկերուհիները (շուրջ 50 անդամներ): Ան շնորհակալութիւն յայտնեց գիւղի ազգային մարմիններուն, յատկապէս քաղաքապետութեան եւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, որոնք միշտ թիկունք կանգնած են մասնաճիւղի 70 տարիներու գործունէութեան: Ան հրաւիրեց օրուան հանդիսավարներ Սիւզի Սթամպուլեան-Նաշալեանը եւ Ազատիկ Տումանեան-Տանըղեանը, որպէսզի ստանձնեն տոհմիկ երեկոյին հանդիսավարութիւնը:

Առաջին առիթով խօսք առաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Յովհաննէսեան, որ ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի 70 տարիներու  անցեալի գործունէութեան` բարձր գնահատելով մասնաճիւղի անցած ուղին եւ յատկապէս երկար տարիներ ԼՕԽ-ի մէջ ծառայած ընկերուհիները:

Ան շնորհաւորեց մասնաճիւղի 70-ամեակը` ուժ եւ կորով մաղթելով բոլոր ծառայող ընկերուհիներուն:

Ապա խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, որ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Մուսա լերան բարբառով, յատկապէս անդրադառնալով տարեց ընկերուհիներու մեծ վաստակին: «Անոնք հայ մօր արժանավայել դաստիարակութիւն փոխանցած են նոր սերունդին, որպէսզի անիկա կարենայ շարունակել սկսած ծրագիրները», նշեց Փամպուքեան: Քաղաքապետը շնորհաւորեց մասնաճիւղի 70-րդ ամեակը խոստանալով միշտ թիկունք կանգնիլ ԼՕԽ-ի գործունէութեան:

ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին անունով խօսք առաւ տոքթ. Խաժակ Այնթապլեան, որ շնորհաւորելէ ետք մասնաճիւղի 70-ամեակը, կոչ ուղղեց բոլոր այնճարցիներուն շարունակելու Մուսա լերան հերոսներու ճամբան` տէր կանգնելով մեր անցեալին եւ միշտ պատրաստ ըլլալով ծառայելու մեր ժողովուրդին` բոլոր պայմաններուն տակ:

ԼՕԽ- ի «Աղթամար» մասնաճիւղը յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց ձեռնարկին խօսք առնող ներկայացուցիչներուն:

Պաշտօնական խօսքերուն յաջորդեց գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին գիւղի վարժարաններու աշակերտները, որոնք ներկայացուցին երգեր, ասմունքներ, թատերական պատկերներ, Մուսա լերան բարբառով նուագներ եւ խմբային պարեր:

Յատկապէս մեծ խանդավարութիւն ստեղծեց Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի պարախումբը, որ ներկայացուց ազգագրական պարերու փունջ մը, ներառեալ` Մուսա լերան Ռազմական պարը (Չալմը թանկը Հաւան):

Զոյգ հանդիսավարները մէջ ընդ մէջ ասմունքներով եւ Մուսա լերան առածներով հանդէս եկան ճոխացնելով մթնոլորտը:

Քանի մը ազգային երգերով ելոյթ ունեցաւ մուսալեռցիի թոռնիկ Յովիկ Թաֆրանեան:

Ձեռնարկի ընթացքին մասնաճիւղը յատուկ յուշանուէրներով պատուեց 70 եւ աւելի տարիք ունեցող իր ընկերուհիները: Յուշանուէրները Սվազի ձեռագործ էին, պատրաստուած` մասնաճիւղի  ընկերուհիներուն կողմէ:

Յատուկ օրհնութեան աղօթքով Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեան օրհնեց վերակառուցուած «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տունը: Տէր հայրը արեւշատութիւն մաղթեց յատկապէս ԼՕԽ-ի բոլոր ընկերուհիներուն` շնորհաւորելով տարեց ընկերուհիները եւ մասնաճիւղի 70-ամեակը:

Յայտնենք, որ յատուկ այս ձեռնարկին համար պատրաստուած էին Մուսա լերան աւանդական ուտելիքներ, որոնք դրուած էին վաճառքի:

Ձեռնարկի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին պաստառի  վրայ ցուցադրուեցան ԼՕԽ-ի 70-ամեայ գործունէութենէն պատկերներ:

Եղան նաեւ սրտաբուխ նուրատուութիւններ` քաջալերելով մասնաճիւղի գործունէութիւնը:

Ձեռնարկի աւարտին ելոյթ ունեցաւ Մուսա լերան աւանդական թմբուկ զուռնան, որ պարի հրաւէր եղաւ ներկաներուն համար, որոնք հանդէս եկան Մուսա լերան ազգագրական պարերով: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ԼՕԽ-ի ընկերուհիներու պարախումբը:

Ներկաները քանի մը ժամ ապրեցան տօնական մթնոլորտի մէջ` միասնաբար տօնելով հերոսամարտի յաղթանակը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )