Այնճար. Գեղանկարիչ Ժիրայր Փանոսեանի Անհատական Ցուցահանդէսին Բացումը

Երէկ` ուրբաթ, 13 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին  Այնճարի «Գալուստ Կիւլպենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այնճարցի գեղանկարիչ Ժիրայր Փանոսեանի անհատական ցուցահանդէսին բացումը:

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 98-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական մարմինին եւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին: Ձեռնարկը կը հովանաւորէր լիբանանահայ ծանօթ արուեստագէտ Միսաք Թերզեան:

Ռիթա Լագիսեան

Ցուցահանդէսին բացումը կատարեցին Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեան, քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան եւ արուեստագէտներ Միսաք Թերզեան ու Ժիրայր Փանոսեան, ապա բացման խօսքը կազմակերպիչ մարմիններուն անունով արտասանեց Ռիթա Լագիսեան, որ բարի գալուստի խօսքերէն ետք ներկայացուց արուեստագէտին կենսագրականը` նշելով անոր ուսման եւ մասնագիտութեան հանգրուանները, ինչպէս նաեւ թուելով անոր մասնակցած հաւաքական եւ անհատական ցուցահանդէսները:

Լագիսեան ողջունեց ժիրայր Փանոսեանը` յաջողութիւն մաղթելով անոր յառաջիկայ ծրագիրներուն:

Ձեռնարկի հովանաւոր գեղանկարիչ Միսաք Թերզեան ներկայացուց արուեստագէտ Ժիրայր Փանոսեանը` իր գործերուն ընդմէջէն: Ան ըսաւ, որ արուեստագէտը իր գործերուն մէջ ներկայացուցած է իր մանկութեան յիշատակներէն պատկերներ, որոնց մէջ կը գտնենք խաղաղութիւն, լոյս, գիւղական մթնոլորտ եւ հանդարտութիւն: Ան շնորհաւորեց գեղանկարիչ Ժիրայր Փանոսեանը իր անհատական ցուցահանդէսին բացման առիթով` յայտնելով, որ Ժիրայրին գեղանկարները աւելի լուսաւոր դարձած են, գունաւոր եւ ուրախ:

Միսաք Թերզեան

Ժիրայր Փանոսեան

Իր կարգին, արուեստագէտ ժիրայր Փանոսեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Հաճելի է յայտարարել, որ այստեղ ներկայացուած 40 գեղանկարներուն 70 տոկոսը նկարած եմ Այնճարի հարազատ մթնոլորտին մէջ»: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական մարմինին եւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին,  հովանաւոր լիբանանահայ ծանօթ արուեստագէտ Միսաք Թերզեանին, ցուցահանդէսին կայացումին օգտակար հանդիսացած երիտասարդներուն եւ վերջապէս իր սիրելի ծնողքին:

Ձեռնարկին պաշտօնական բաժինէն ետք ներկաները առիթը ունեցան դիտելու արուեստագէտին գեղանկարչական աշխատանքները` տարբեր թեմաներով:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ յառաջիկայ երկու օրերուն ընթացքին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )